
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համաժողովը, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, ակադեմական պետական քաղաքականութեան մը ընդհանուր ուղղութիւններուն վրայ խորհրդածական հայեացքներ կը կեդրոնացնէ: Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Երեւանի պետական համալսարանի գիտաշխատողներու, ակադեմականներու` իրաւագէտներու, թրքագէտներու, արեւելագէտներու, իրանագէտներու, պատմաբաններու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման ժամանակաշրջանի մասնագէտներու մասնակցութիւնը ընդգծեց ապահովուած համահայկական համաժողովին գիտականութիւնը եւ ատով իսկ ուղենշեց սփիւռքի…















