
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ «Հայ Սքուլի» հանդիսասրահը դարձեալ յորդեցաւ Դաշնակցութեան Օրուա՝ կուսակցութեան 127րդ տարեդարձի հանդիսութեան ներկաներով, որոնք եկած էին ունկնդրելու կուսակցութեան ներկայացուցիչներու խօսքն ու պատգամը: Համակիրներ, կուսակցութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ, յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներ, նահանգային ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, քաղաքական դէմքեր, հասարակական գործիչներ, կուսակցականներ գրաւած էին հանդիսասրահի 1500է աւելի աթոռները: Ձեռնարկը, որու մանրամասն թղթակցութիւնը (խօսքերն ու պատգամները) պիտի…















