
Հայկական սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն մը համարելու մեր մտապատկերը ներելի թիւրիմացութիւն մըն է, որովհետեւ մեր գաղթօճախները որքան անհամար նոյնքան իրարմէ տարբեր են իրենց շրջապատով, կենցաղով, սովորութիւններով եւ այլ յատկութիւններով։ Նոյն մեկնակէտով, մեր գաղութներէն իւրաքանչիւրը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ժամանակաւոր բնոյթ ունին, որովհետեւ, ըստ պայմաններու, անոնց թուական եւ կարողական որակն ու քանակը կ՚ենթարկուին դրական կամ բացասական փոփոխութեան՝ ըստ…















