
1952 Յուլիսի 23-ի շրջադարձային յեղափոխութեան մասին է խօսքը, որուն 65-ամեակը կը նշուի օրերս։ Այս յեղափոխութեամբ Եգիպտոս թագաւորութեան փոխարէն հանրապետական վարչակարգ որդեգրեց, քաղաքացիական իշխանութիւնը զինուորականով փոխարինուեցաւ ու ցարդ կը շարունակուի, նախապէս գործող քաղաքական կուսակցութիւնները փակուեցան ու փոխարէնը հռչակուեցաւ գաղափարական միակ ուղղուածութեան դարաշրջան, որ տեւեց քառորդ դար, հողատէր ընտանիքներէն գրաւուեցաւ եւ հողագործին բաշխուեցաւ հողը, իսկ կրթութիւնը՝ տարրականէն…














