
Պուլկարական թերթի մը կատարած փաստաթուղթերու գաղտնազերծումը, որ ի յայտ կը բերէր Պաքուէն կատարուած զէնքի անօրինական վաճառքը, շեշտակիօրէն կ՛ընդգծէր Պաքուի օժանդակութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ գործող ահաբեկչական խումբերու: Սուրիական դէպքերու ծաւալման սկզբնական շրջանին լուր հրապարակուեցաւ, որ իսլամ ահաբեկիչներուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնը 500 միլիոն տոլար փոխանցած է: Այլ ժամանակ հրապարակուեցաւ նաեւ այն բացայայտումը, որ Կովկասէն իսլամականներուն միացող ահաբեկիչներու գործունէութիւնը…












