
(Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով) Ոչ շատ հեռու անցեալին մայիս 1-ը կամ Աշխատաւորներու օրուան նշումը առիթ էր ո՛չ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներուն մասին հրապարակային քննարկումներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ ազդելու պետութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան վրայ, այլ նաեւ գաղափարաբանական հէնքի վրայ աշխարհակարգի հետ կապուած երեւոյթներու վերաբերեալ սուր դիտարկումներ կատարելու եւ վերլուծումներ զարգացնելու: Երբեմնի երկբեւեռ դրութեան մէջ, մէկ կողմէ դրամատիրական,…















