
Վերջին տարիներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին տակ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կ՛այցելէր եւրոպական քաղաքներ եւ հանգստօրէն, առանց որեւէ արգելքի իր ընտրարշաւի աշխատանքները կը կատարէր: Քիւրտ թէ հայ փոքրամասնութիւններու ցիր ու ցան ցոյցերը ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՛ունենային, հակառակ բազմիցս անոնց հնչեցուցած ահազանգին: Այդ օրերուն, հաւանաբար, քաղաքավարութեան վնասները նկատելով եւ շարունակ խաբուելով թէ, Սուրիոյ պատերազմին Թուրքիա…















