
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Սեպտեմբեր 15 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբաթասկիզբին կազմուած է 2016-2018 տարիներու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն 11 նոր եւ վերանշանակուած կամաւորներ։ Նոր վարչութեան անդամներն են՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան (ատենապետ), Հերմինէ Փախանեան (գանձապահ), Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան (քարտուղար), Սթիւ Արթինեան, Սագօ Պէրպէրեան, Պերճ…















