
Ամերիկացի համանախագահ Ուորլիքի հրապարակումները հասկնալիօրէն մեծ արձագանգ գտան: Ամենայն հաւանականութեամբ Ուորլիքի կամ աւելի ճիշդը պաշտօնական Ուաշինկթընի առաջադրանքն ալ մատրիտեան սկզբունքները վերստին քաղաքական շրջանակներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դնելն է եւ բանակցային գործընթացին իբրեւ առանցքային նախագիծ վերադարձի ապահովումը: Կը թուի, որ այստեղ էական չէ նաեւ սկզբունքներու առաջին կամ նորացուած տարբերակի տարբերութիւնը: Հիմնականին մէջ մատրիտեան սկզբունքներու վերաբանեցման միտումն…















