
Բաւական բարդ է եւ միաժամանակ դժուար ու անշնորհակալ գործ` իրատեսական կանխատեսումներ կատարելը Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին անմիջական եւ հեռակայ հետեւանքներուն մասին: Գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնման եւ փոքրացման միտումներ, պաղ պատերազմի 21-րդ դարու տարբերակ, սահմաններու վերաքարտէսագրումներ եւ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու բախումներ` գետնի վրայ: Այս բոլոր գործընթացները խորապէս փոխկապակցուած են իրար իբրեւ քաղաքական տրամաբանութիւն…















