
Երէկ առաւօտուն Պուրճ Համուտի Հայոց առաջնորդարան այցելեց եւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին հետ տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն: Աւելի քան ժամ մը տեւած ծանօթացման այս հանդիպումը առիթ ծառայեց զրուցելու գաղութին առնչուած զանազան հարցերու մասին: Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները յաջողութիւն մաղթեցին սրբազան հօր` իր ստանձնած նոր առաքելութեան մէջ: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր…















