
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ զօրամիաւորումներուն Հայաստանի հանրապետութեան մասնակցութեան հարցը տակաւին բանակցային թեմա է։ Բանակցութիւնները կը տարուին հայկական կողմին եւ ՄԱԿ-ին, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավար երկրին Իտալիոյ համապատասխան կառոյցներուն միջեւ։ Թէեւ վերջնական որոշում չէ կայացած ու հրապարակուած, այսուհանդերձ Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին լուսաբանումները այս մասին գրեթէ յստակ կը դարձնեն, որ հայկական դասակը…















