Շրջանային մամուլ

Ի՞նչ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ եւ ինչո՞ւ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Երբ փոքր էինք, մեր գերդաստանին մեծերը իմաստուն խօսք մը ունէին. “Տահա ձոն ՛տի գայ, տահա անձրեւ ՛տի գայ, տահա ինչե՜ր ՛տըլլի…“: Դեռ ձիւն պիտի տեղայ, անձրեւ պիտի տեղայ, ու դեռ ինչե՜ր պիտի ըլլան: Ամիս մը անցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի թատերա-ընտրութիւններէն, նոր կառավարութիւնն ալ կազմուելու վրայ է: Տուեալները ցոյց կու տան, որ նորակազմ կառավարութիւնը…

Կրկին Արեւմտահայաստանի ու Արեւմտահայերէնի մասին

Օգոստոսի երրորդ շաբթուան աւարտին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, պահպանումին ու զարգացումին առնչուող խորհրդաժողով մը, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Մամուլին միջոցով կրցանք օրը օրին հետեւիլ այս խորհրդաժողովի աշխատանքներուն, որ, ի դէպ, նմանօրինակ խորհրդաժողովներէ կը զատորոշուէր Արեւմտահայերէնին տիրութիւն ընող մարմնի մը ստեղծումի խոստում-յանձնառութեամբ: Այս տպաւորութիւնը ունեցանքՙ գէթ մամուլէն հետեւելով անոր աշխատանքներուն: Սակայն յղացքային առումով,…

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Վկայութիւնը` Տոքթ. Բ. Փափազեանի Մասին

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի մահով կը զգամ, որ մեծ բաց մը կը յառաջանայ ազգային, կրթական եւ մշակութային մեր կեանքին մէջ: Տաղանդաւոր միտք մըն էր, տրամաբանական տոկուն կարողութիւններով եւ ըմբռնումի ու վերլուծումի շեշտ ձիրքերով օժտուած: Հոգեւոր, իմացական, գրական, թատերական, պատմական, քաղաքական, գաղափարաբանական, ազգային, ընկերային արժէքներու եւ իրականութիւններու մասին լայն հմտութիւն, քաղաքակրթական բարձր ճաշակ եւ հասկացողութիւն եւ մանաւանդ…

Դաշնակցական Բաբգէնը

Շատ յաջող չէ այս խորագիրը, կը զգա՛մ: Ան ունի թերեւս առաւելութիւնը յստակ եւ մեկին ցոյց տալու, թէ մեր ողբացեալ ընկերոջ ոգեկոչման առիթով կուսակցական մարդու երեսն է, որ պիտի փորձեմ: ներկայացնել այս գրութեամբ: Բայց, իր միակ որակականով, ան կրնայ նաեւ նշանակել, որ Բաբգէն Փափազեանը դաշնակցական էր ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերջ եւ վե՛րջ. բան…