
Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Նահարքոմ սայիտ» յայտագիրէն հարցազրոյց կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: Սայտայի պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթակայանին մէջ ծայր առած բախումներուն առնչութեամբ իր կեցուածքին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ պաղեստինեան զէնքը, եւ զէնքը ընդհանրապէս…















