
Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ զինուորական իրադարձութիւններու արձանագրած մագլցողականութիւնը կը յուշէ, որ տարողութեան նոր հարթութիւն թեւակոխած են պատերազմական գործողութիւնները: Այդ հարթութիւնը աւելի կը յատկանշուի զինուորական ինքնաթիռներու յաճախակի երեւումներով, կործանիչներով, բայց նաեւ հակաօդային հակադարձութիւններով եւ զինուորական օդանաւերը վար առնելով: Եթէ սուրիական տարածքներու վրայ ահաբկիչները ռուսական զինուորական օդանաւ կը խոցէին, ապա քրտական զինեալ խմբաւորումները կը յաջողէին թրքական երկու կործանիչ…















