
ԹԵԼ ԱՒԻՒ – Հրեայ ուսանողներու համաշխարհային միութիւնը (WUJS) Իսրայէլի մէջ գումարած իր 44րդ Համաշխարհային համագումարի ընթացքին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ համագումարին գլխաւոր զեկուցողներէն մէկը, որ նաեւ աջակցած է բանաձեւին, հրէական ծագումով աւստրալիացի փաստաբան Արիէլ Զոհարն էր: Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան շնորհակալութիւն յայտնած է WUJS-ին՝…















