
Աւանդութիւն դարձած տարեփակի խոհերու կարգով, անգամ մը եւս այս սիւնակներուն մէջ կը տեղաւորենք «Ազդակ»-ի միամեայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, իրագործումները, բաղթողումները եւ յառաջիկայ տարուան կարեւորագոյն ծրագիրներու նախանիշերը: «Ազդակ»-ի 90-ամեակի նշումը յոբելենական հանդիսութիւններէն աւելի, մեզ մղեց մնայուն հետք ձգելիք որոշ ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականին ուղղութեամբ աշխատելու: Մեր առաջին առաջադրանքը եղաւ հրատարակել յատուկ բացառիկ հատոր մը, որ կարելիի սահմաններուն…














