
Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի կամ Պաղեստինի մէջ դեսպանատուն բանալու, կարելի է բնական շարունակութիւնը նկատել Անգարայի կողմէ նախաձեռնուած եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ ժողովին ընթացքին Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումին: Անգարան այս հարցին մէջ գերաշխուժ վարքագիծ կը դրսեւորէ: Շարժառիթային քանի մը հանգամանքներ կարելի է մտաբերել այս յայտարարութիւններուն առիթով: Նախ, բնականաբար Անգարան…















