
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Շնորհիւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ԱՀԴՅ) հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքներուն, Ամերիկահայութիւնը քաղաքական կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց Նոյեմբեր 6ին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) Ինտիանա նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Այս առթիւ, Ինտիանայի նահանգապետ Էրիք Հոլքոմ յատուկ հռչակագրով մը հաստատեց մէկ ու կէս միլիոն հայերու, ինչպէս նաեւ աւելի քան մէկ միլիոն Յոյներու, Ասորիներու եւ…















