
Դեկտեմբեր 10ին, 23 տարի առաջ, Արցախի հայութեան հետ ամբողջ մեր ժողովուրդը պատմութեան կտակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէն։ Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ Դեկտեմբեր 1991ի այս օրը, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին։ Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը դեռ չէր լուծարուած պաշտօնապէս։ Իսկ խորհրդային գործող սահմանադրութեամբ ու…














