Յունիս 14ի այս օրը, 43 տարի առաջ, 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին, Պոսթընի մէջ վախճանեցաւ հայ քաղաքական մտքի մեծավաստակ մշակներէն Ռուբէն Դարբինեան, որուն անունին անջնջելիօրէն կապուած պիտի մնայ նուաճումը հայ մամուլի կոթողական փառքերէն մէկը հանդիսացող «Հայրենիք Ամսագիր»ի հրատարակութեան։ Նոյնինքն Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին ամէնէն երկարակեաց խմբագրապետը եղաւ Ռուբէն Դարբինեան։ 1922էն 1968, մինչեւ իր վերջին շունչը, Ռ. Դարբինեան…
Պատմութիւն
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Ակսէլ Բակունց Ալեքսանդր Թեւոսեան, 1899-1937). Հայոց բնաշխարհի եւ հոգեմտաւոր հարստութեան նորարար արձակագիրը
Հայկական գեղանկարչութեան հանճարեղ վարպետին՝ Մարտիրոս Սարեանին ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ, հայոց քնարերգութեան մեծ վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեան գրած է. – «Կոմիտասի երգերի եւ քո գոյների մասին խօսում են որպէս բառերով անթարգմանելի հրաշքների մասին։ Բայց դա այնքան էլ ճիշդ չէ։ Հայաստանում կայ մի գրող, որի բառերը զրնգում են կոմիտասեան շնչով եւ փայլատակում են քո կտաւների գոյներով։…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Նորութիւններ
Վազգէն Շուշանեան (1902-1941). Արարատի վեհափառ հպարտութիւնն ու Վահագնի բոցաշունչ ցասումը շնչաւորող ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅը
«Կ’անցնին բոլոր վէրքերն ու բոլոր յուսահատութիւնները, բոլոր նուաստացումներն ու բոլոր ստրջանքները,- ինչ որ կը մնայ հայ մանուկն է հայրենի հողին վրայ: Ահա այս պէտք է ըլլայ մեր Ալֆան ու մեր Օմեղան, մեր ճշմարտութիւնն ու մեր արդարութիւնը: Թող այս օտար եզերքներուն վրայ մեր վերջին երգը լռէ յաւիտեանս յաւիտենից, միայն թէ հայ շինականը լուսաբացին կարենայ իր զուարթութիւնը…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Մարզպետ (Ղազարոս Ղազարոսեան, 1878-1918). Ցեղասպանութեան դատապարտուած հայ բեկորներու փրկարար Ասպատակը
1918ի այս օրը՝ 31 Մայիսին, արկածի հետեւանք անհեթեթ մահ մը հայ իրականութենէն ընդմիշտ հեռացուց արժանաւոր հայորդի մը՝ Մարզպետ գրչանունով ճանչցուած Ղազարոս Ղազարոսեանը, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի կեղծ անունով, ասպատակող խումբ մը կազմած՝ մահուան ճիրաններէն փրկեց հարիւրաւոր հայ տարագիրներ։ Հայ ազգային-ազատագրական շարժման ականաւոր դէմքերու շարքին իր յատուկ տեղը ունի Մարզպետ, որուն կեանքն ու…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
30 Մայիս 1918. Հայաստանի անկախութեան նուաճումին իրաւական յայտարարութիւնը
Մայիս 30ի այս օրը պատմական խոր նշանակութեամբ յագեցած թուական է հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։ 94 տարի առաջ, 30 Մայիս 1918ին, Անդրկովկասի ատենի «մայրաքաղաք» Թիֆլիսի մէջ, Հայոց Ազգային Խորհուրդը ի լուր աշխարհին յայտարարեց՝ «Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Սարգիս Մանասեան (1880?¬1920). Հայկական Ազատամարտի անկեղծ զինուորը, որ պոլշեւիկեան մոլուցքին առաջին զոհերէն եղաւ
29 Մայիսի այս օրը, 92 տարի առաջ, Պաքուի մերձակայքը՝ Կասպից Ծովուն բացերը, պոլշեւիկները գնդակահարեցին եւ ծով նետեցին խոշտանգուած մարմինը հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական շարժման մեծավաստակ նուիրեալներէն Սարգիս Մանասեանի։ Համակովկասեան տարողութեամբ քաղաքական ու պետական հանրածանօթ գործիչ էր Սարգիս Մանասեան, որ պոլշեւիկներու ձեռամբ իր նահատակութենէն տակաւին քանի մը ամիս առաջ, 1919ի աշնան, ներքին գործոց նախարարն էր Հայաստանի նորաստեղծ…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
25-27 Մայիս 1918. Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի յաղթական ճակատամարտները, որոնք հայոց պատմութեան անիւը շրջեցին դէպի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումը
Մայիսի այս օրերուն, տակաւին Առաջին Աշխարհամարտի արհաւիրքին մէջ ապրող հայ ժողովուրդը, թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած իր բեկորներով, Արարատեան Դաշտին վրայ իր վերջին ուժերը հաւաքեց, եղեռնագործ թրքական զօրքերու ընդհանուր գրոհին դէմ մէկ մարդու պէս ծառացաւ եւ, փառապանծ յաղթանակներ արձանագրելով, նոր դարաշրջան բացող հաշուեյարդար կատարեց իր պատմութեան եօթը դարերու թաւալգլոր անկումի ընթացքին հետ։ Շրջեց ընկրկումի, պարտութեան,…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
18 Մայիս 1900. Աղբիւր Սերոբը գլխատած դահճապետին՝ Պշարէ Խալիլի ահաբեկումը
18 Մայիսը, 112 տարի առաջ, անմոռանալի օր մը դարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։ 1900ի այս օրը հայ ֆետայիները արդար վրէժը լուծեցին Սերոբ Աղբիւրի անարգ սպանութեան եւ գլխատումին։ Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ Սպաղանաց Մակարի գլխաւորութեամբ, հայ ֆետայիները գործադրեցին Պշարէ Խալիլի ահաբեկման ու գլխատման դաշնակցական որոշումը։ 1 Նոյեմբեր 1899ին, մեծ հայդուկապետը՝ Աղբիւր Սերոբ, հայանուն դաւաճան ու…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Վահան Մանուէլեան (Կարապետ Տողրամաճեան, 1870-1904). Ֆետայական շարժման հաւաքական ուժին դարբինը
Մայիս 16ի այս օրը, ոգեկոչելով ազատութեան ճանապարհին մարտիրոսացումը հայդուկապետ Վահան Մանուէլեանի, յուշատետրը առիթը կþընձեռէ անդրադառնալու առաքելատիպ այս յեղափոխականին ոչ միայն ֆետայական անբասիր վարքին ու ամբողջական անձնուիրումին, այլեւ սեփական օրինակով հայ ազգային-ազատագրական շարժման հաւաքական ուժն ու միաձոյլ կամքը դարբնելու եւ միշտ ամրակուռ պահելու անոր պատգամին։ Մտաւորական լայն պատրաստութեամբ եւ գաղափարական անխախտ հաւատքով զինուած երիտասարդ մըն էր…
Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ, Պատմութիւն
Քեռի (Արշակ Գաւաֆեան, 1858-1916). Հայ Հերոսի ալեհեր, բայց յաւերժ երիտասարդ դէմքը
Հայ ժողովուրդի հերոսական դէմքերու լուսապսակ մատեանին մէջ իր անզուգական տեղը ունի Քեռին, որուն մահուան տարելիցը կ’ոգեկոչենք ամէն Մայիսի 15րդ այս օրը։ Քեռին առինքնող մարմնաւորումն է մարտունակ քաջութեան, յեղափոխական կամքին ու անկեղծ զինուորի նկարագրին, որոնք երբ կը մէկտեղուին հայրական հոգածութեամբ իր ազգին ու հայրենիքին պահապան կանգնող մարդուն մէջ, ո՛չ յոգնութիւն կը ճանչնան, ոչ ալ ժամանակի մաշում։…






