
Եւրոպական խորհրդարանը երեքշաբթի օր իր գումարած լիագումար նիստի ընթացքին այլ հարցերու կողքին անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան: Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը յաւելեալ մեծ ջանքեր պիտի գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման համար, տագնապ մը, որ արդէն շատ տառապանքներ պատճառած է: Ըստ անոր, Լեռնային…















