
Պուէնոս Այրէս, 5-6 Սեպտեմբեր 2015 Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Ռայոնական Ժողովը գումարուեցաւ 5-6 Սեպտեմբերի շաբաթավերջին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի, Հայ Դատի Ուաշինկթընի Գրասենեակի, եւ Ամերիկեան ցամաքամասի ու Աւստրալիոյ կազմակերպական հինգ շրջաններու մարմիններէն 22 ներկայացուցիչներու։ Իր չորս նիստերու ընթացքին, Ռայոնական Ժողովը բազմակողմանի…















