
Մամլոյ Լսարան Թիւ 136 «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 8 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 136-րդ լսարանը` «Ցեղասպանագիտութեան նոր ուղղութիւնները արխիւներէն դէպի իրաւական դաշտ» նիւթով: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր…















