
Մամլոյ 113-րդ Լսարան «Ազդակ»ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 113-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ-թուրք սառած յարաբերութիւնները եւ առնչուած քաղաքական գործընթացները տարածաշրջանին մէջ», իսկ զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու…














