
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անշեղ կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատութեան, համերաշխութեան, երկխօսութեան եւ լայնախոհութեան իր սկզբունքներէն: Ան շեշտեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից քաղաքական ուժերը նոյնն են եւ այդպէս ալ էին, են ու կը մնան: Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն…















