
Լիզպոնի հերոսներուն թողած պատգամներուն եւ փոխանցած ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի իրաւատիրոջ կարգավիճակով հայոց համազգային իրաւունքներու վերատիրացման գաղափարը: Գերագոյն զոհաբերումի հիմնական պատճառը այդ իրաւունքներու բարձրաձայնումն է, լռութեան պատի քանդումը եւ միջազգային հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն հայկական հիմնահարցերու վրայ կեդրոնացումը: 35 տարի առաջ, օրուան պայմաններուն մէջ այդ իրաւունքը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման…















