
Անտրէյի Աքուլով «Սթրաթիճիք Քալչըր» հիմնարկի կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ մինչ քիւրտերու եւ Քայիտայի առնչուած ժիհատական զինեալներու միջեւ Հիւսիսային Սուրիոյ շրջաններու վերահսկողութեան համար բուռն ճակատումներ տեղի կ՚ունենան՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ նոր ճակատ մը երեւան կու գայ։ Քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն»-ը Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ երկու մեծ քաղաքներ գրաւած…















