
Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներ բազմիցս այցելած են Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներ եւ բնականաբար մայրաքաղաք Ուաշինկթընը: Սակայն, հակառակ քաղաքական բնոյթ ունեցող այս այցելութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շարունակ լուսանցքի տակ ձգած է այս այցելութիւնները եւ կարելի եղածին չափ հեռու պահած՝ քաղաքական բեմահարթակէն: Հազուադէպօրէն ալ ծայրայեղ մօտեցում մը կիրարկուած է, երբ ո՛չ միայն դռները փակ մնացած են…















