
«Ազդակ»-ի հասցէին կատարուած քննադատութիւններու ներքեւի կէտերը հիմնուած են նախ գրաւոր մեզի հասած ելեկտրոնային նամակներու, ֆէյսպուքեան տարածքներու վրայ շրջանառուող տեսակէտներու, ժողովական միջավայրերու մէջ հնչած կարծիքներու եւ ընկերական զրոյցներու վրայ: Մեր ակնկալածը, որ տարբեր առիթներով փոխանցուած է, այն է, որ քննադատութիւնները կամ առաջարկները կարելիութեան պարագային ուղղակի փոխանցուին տնօրէնութեան կամ համապատասխան խմբագրական կամ վարչական պատասխանատուներու ուշադրութեան: Ուղղակի հանդիպումները…














