
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Տարի մը կ՛ընէ արդէն, որ Արա Տէմիրճեանը իր ընտանիքի հարազատներուն եւ մեր մօտ չէ: Այս ներկայ վայրկեանը անոնցմէ է թերեւս, որոնց ինք պիտի ուզէր ներկայ ըլլալ. ո՛չ անպայման լսելու համար, թէ իր մասին ի՛նչ կը խօսուի. այլ ընդհակառակն, որպէսզի իր ներկայութեան մարդ չհամարձակի իր մասին խօսելու: Խօսքով արտայայտուող գովասանքը մանաւանդ` իրեն համար արհամարհելի…















