
Կիպրոսի մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Յունաստան-Կիպրոս` երեք երկիրներու սփիւռքի հարցերով զբաղող պետական պատասխանատուներու հանդիպումը ունի կարեւոր ենթահող, անցած որոշակի ուղի եւ մանաւանդ ռազմավարական հեռանկարայնութիւն: Հանդիպումը հաստատեց պաշտօնական երկխօսութիւն եւ յատկանշուեցաւ հայ, կիպրացի եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ պատմական բարեկամական յարաբերութիւններուն ամրապնդումով եւ, միացեալ ծրագիրներու միջոցով, միջկառավարական երկխօսութեան զուգահեռ, անոնց միջեւ մշակութային, կրօնական եւ տնտեսական ամուր կապերը իբրեւ…















