
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ Օգոստոս 24-ին պղտոր ջուրի մէջ ձկնորսութիւն կատարելու տպաւորութիւնը ձգեց սեղմ շրջանակի մը մէջ Ուաշինկթըն ներկայացուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։ Կատարուածը հրաժեշտի խօ՞սք էր, թէ՞ պարզապէս թութակաբանութիւն բուրող հաստատումներու շարք մը: Հոկլընտ իր վերջին ելոյթը կ՚ունենար Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահութեան պաշտօնին, տեղեկացնելով թէ յառաջիկայ Երկուշաբթի, Օգոստոս 28-էն սկսեալ,…












