
Յունուար 12-ին Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարութեան խօսնակը յայտարարեց, որ սուրիական տագնապի լուծման նպատակով բանակցութիւններու նոր փուլը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 23-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: Նախաձեռնութիւնը հետեւանք էր Հալէպի ճակատամարտին պետական ուժերու յաղթանակին՝ քաղաքի արեւելեան թաղամասերէն հակապետական ուժերու հեռացումով եւ Դեկտեմբեր 22, 2016-ին յայտարարուած զինադուլով: Բանակցութիւններու փուլը Ռուսաստան-Թուրքիա-Իրան եռակողմանի նախաձեռնութիւն է: Երեք մրցակից ուժեր, որոնց…















