
Յաղթականը միայն Թրամփը…պարտեալն ալ միայն Հիլըրին չէր: Այլ Միացեալ Նահանգներու նախագահական 45-րդ ընտրութիւններուն շարքը երկար է թէ՛ յաղթականներուն եւ թէ՛ պարտեալներուն: Սեղմելով ու ամփոփելով այս ընդարձակ ու լայնածաւալ թնչուկ-թղթածրարը, հակիրճ տեղեկութիւններով եւ մատնանշումներով կարելի է ներկայացնել իրավիճակը: Առաջին հերթին, եթէ լաւապէս հետեւինք ամիսներէ ի վեր կատարուող իրադարձութիւններուն, Հիլըրի իրականութեան մէջ պարտուած էր Դեմոկրատական Կուսակցութեան բեմահարթակէն…















