
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով ընդունուած համահայկական հռչակագիրը ուղենշային իմաստ ունի ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով համայն հայութեան հետագայ գործունէութիւնը հունաւորելու առումով, այլ ընդհանրապէս կը պարունակէ շատ կարեւոր հիմնադրոյթներ համազգային ռազմավարական հարցերը հետապնդելու համար ճանապարհային քարտէսը ձեւաւորելու տեսակէտէն: Հռչակագիրի վերջին կէտը 12-րդը, իբրեւ վերջաբան կ՛ամփոփէր բովանդակային առանցքը հաստատելով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող…















