
ԵԽԽՎ-ի քուէարկութիւններէն բազմաթիւ հետեւութիւններ կարելի է ընել: Շատ արագ նշելու համար, թէ հակահայ զեկուցումներու հեղինակները առանց Արցախ այցելելու, տեղւոյն վրայ տիրող իրավիճակին ծանօթանալու քաղաքական, զինուորական եւ նոյնիսկ ջրամբարի օգտագործման վերաբերեալ գնահատականներ կ՛ամրագրէին. թէ զեկուցումները բացառապէս կողմնակալ էին եւ կը խախտէին անաչառութիւնը: Տակաւի՛ն` Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները մշտապէս արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը` Ազրպէյճանի հետ համատեղ Սարսանգի ջուրերն…















