
Ապրիլեան ոգեկոչումներու եւ խորհրդածութեանց ծանր մթնոլորտը յատկապէս շեշտելու կու գայ Ապրիլ 22ի այս օրուան զուգադիպող մահուան 79րդ տարելիցը Միքայէլ Վարանդեանի։ 1915ի Ապրիլ 24ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած, աքսորուած ու Արհաւիրքի ճամբուն վրայ տմարդի խոշտանգուած ու նահատակուած հայոց Մեծերու շարքին չգտնուեցաւ Միքայէլ Վարանդեան։ Բայց Հայկական Յեղափոխութեան անկրկնելի գաղափարախօսն ու Դաշնակցութեան տեսաբանը այլապէս, թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական մեծ…















