Դէմքեր եւ իրադարձութիւններ

27 Փետրուար 1988, Սումկայիթ. Հայասպանական թրքատիպ եղեռնագործութեան ատրպէյճանական մոլեգնումը

«Փետրուարի 27. ժամը 5ին թուրքերի ամբոխը ներխուժեց հարեւան հինգ յարկանի շէնքը… Ես իմ աչքերով տեսել եմ միայն Սաշայի եւ նրա տիկնոջ՝ Աւագեան Լոլայի ու քրոջ սպանութիւնը: Աղմուկ-աղաղակ էր, սուլոց: 100¬150 հոգի էին: Մտան շքամուտք: Սաշային սպաննեցին շքամուտքի մօտ, խփում էին փայտերով, ոտքով, երկաթէ ձողերով, դանակահարում: Սաշայի քոյրը պատշգամբից գոռում էր, օգնութիւն կանչում: Ամբոխը, Սաշային մորթելուց…

Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923). Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին լուսաբաշխ արուեստն ու կենարար շունչը

Այսօր, Փետրուար 19ին, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն Յովհաննէս Թումանեանի, որ իր կենդանութեան իսկ արժանացաւ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ի պատուանդանին։ Մեծն Եղիշէ Չարենց իրաւամբ թարգմանը հանդիսացաւ հանուր հայութեան՝ թէ՛ Արեւմտահայաստանի, թէ՛ Արեւելահայաստանի եւ թէ աշխարհով մէկ սփռուած մեր ժողովուրդին, երբ հայ գրականութեան «հանճարեղ Լոռեցին» հռչակեց Թումանեանը։ Բառին բոլոր առումներով լոռեցի էր Թադէոս…

18 Փետրուար 1921. Հայ ժողովուրդի հերոսական ապստամբութեան անմար ոգին

Փետրուար 18ը կը խորհրդանշէ ամէն կարգի բռնակալութեանց, անիրաւութեանց եւ անարդարութեանց դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական ապստամբութեան անմար ոգին։ 18 Փետրուար 1921ի այս օրը, իր անկախ հայրենիքն ու ազատ պետականութիւնը հազիւ նուաճած, բայց լենինեւքեմալ սադրանքին հետեւանքով դարձեալ գերութեան մատնուած հայ ժողովուրդը, իր հերոսական զաւակներու վճռական ծառացումով, ապստամբեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան եւ համայնավար Յեղկոմի բռնատիրութեան դէմ։…

«Մենք Արթուր Մկրտչյան կերպարի անհրաժեշտություն ունենք». Դավիթ Իշխանյան

Փետրվարի 16-ին ԼՂՀ Գերագույն Խորհրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչյանի ծննդյան տարեդարձն է: Արթուր Մկրտչյանն ընդամենը 32 տարեկան էր, երբ ընտրվեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետության Գերագույն խորհրդի առաջին նախագահ, եւ 33 տարեկան, երբ քունքին արձակված կրակոցը վերջ դրեց այդ կարճ, բայց պայծառ կյանքին, որն անջնջելի հետք է թողել Արցախյան շարժման պատմության մեջ: ԼՂՀ Գերագույն Խորհրդի առաջին նախագահ…

Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան, 1885-1915). Հայոց Արհաւիրքին եւ մարդոց Տառապանքին ցասկոտ Ճիչը

Փետրուար 15ը հաղորդութեան օր է՝ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան տարեդարձին առիթով անոր գրական անմահ ժառանգութեամբ հաղորդուելու օր է։ 15 Փետրուար 1885ին ծնած էր հայ ժողովուրդի գրական մեծ տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակը, որ միայն 30 տարի ապրեցաւ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս, այլեւ խոստմնալից տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ թուրք ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց…

11 Փետրուարին, 1934 թուին, Առյաւէտ լռեց ստրկական Լռութեան դէմ պայքարի մեծ երգիչը՝ Աւետիս Ահարոնեան

Փետրուար 11ը, 79 տարի առաջ, ծանր ու ցնցիչ օր մը խորհրդանշեց հայ ժողովուրդի ազատատենչ եւ հայրենաբաղձ բազմութիւններուն համար։ 1934ի այս օրը, Մարսէյլի մէջ, «Համազգային»ի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, օրուան պատգամաբերը բեմին վրայ չկրցաւ աւարտել իր խօսքը. ուղեղի կաթուածը առյաւէտ լռութեան մատնեց Աւետիս Ահարոնեանին՝ Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան…

6 Փետրուար 1919. Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը եւ Հայկական Պետականութեան դժուարին հունաւորումը

Փետրուար 6ի այս օրը, 94 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որ պատմական բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հետագայ հոլովոյթին մէջ։ Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման եւ հայոց անկախ պետականութեան արմատաւորման սկզբնական փուլն էր։ Ողբի, որբի եւ սովի պայմաններուն մէջ իր հայրենիքին անկախութիւնը նուաճած եւ հայոց ազգային պետականութիւնը…

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Արեւմտահայ վէպի մեծատաղանդ վարպետն ու հայ գրականութեան խիզախ եւ ազատախոհ կինը

Փետրուար 4ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան մեծատաղանդ ու բացառիկ դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի։ Զապէլ Եսայեան իր մնայուն տեղը ունի Հայոց Մեծերու համաստեղութեան մէջ ոչ միայն իբրեւ տաղանդաւոր կին գրող ու հոգեվերլուծական վիպագրութեան մեծատաղանդ վարպետ, այլեւ՝ իբրեւ խիզախ եւ ազատամիտ յառաջապահը հայ կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանութեան, յատկապէս սեռային իրաւահաւասարութեան, մտաւորական անկաշկանդ զարգացման եւ ազգային-ընկերային…

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Հայկական հրապարակագրութեան անմահ վարպետը

26 Յունուարին, 54 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը՝ հայկական հրապարակագրութեան անմահ տիտաններէն եւ դաշնակցական մտքի ու առաջնորդող խօսքի անկրկնելի դրօշակիրներէն Շաւարշ Միսաքեանը։ Հայ մամուլի ոսկեմատեանին մէջ բարձրադիր գագաթ մը նուաճեց աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ անունով եւ միատառ «Շ.» ստորագրութեամբ հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեաններու այս անզուգական ծնունդը։ Գրական¬գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր…

Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան, 1867-1919). Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումին ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ դարբինը

Այսօր՝ Յունուար 18ին, կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆին, որ անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։ Ռոստոմի անձնազոհ…