
Յունուար 14ին, Ժընեւի մէջ վախճանեցաւ հայ յեղափոխական շարժման առասպելական դէմքերէն եւ խոնարհ հերոսներէն Անտոն Գոշ։ Թէեւ հայ ազատագրական շարժման ականաւոր գործիչներէն շատերու յուշերուն եւ նամակներուն, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. պատմութեան նուիրուած աշխատասիրութեան մէջ յաճախակի կը յիշատակուի անոր անունը, բայց ըստ արժանւոյն ներկայացուած չէ կեանքն ու գործունէութիւնը սուլթան Համիտի 21 Յուլիս 1905ի մահափորձին՝ Ելտըզի Ռումբի գլխաւոր կազմակերպիչներէն…











