Լեւոն Շանթ (1869-1951). Հայ ազգային ինքնութեան եւ անհատականութեան մեծատաղանդ վերծանողը

Նոյեմբեր 29ի այս օրը, մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր ազգային էութեան եւ մարդկային ինքնուրոյն ներաշխարհին ամէնէն խորիմաց վերծանողներէն ու մեծատաղանդ գրողներէն Լեւոն Շանթը։

Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ»ով անմահացած գրողն է Լեւոն Շանթ։ Բայց ճշմարտութեան դէմ մեղանչել պիտի ըլլար միայն իբրեւ մեծատաղանդ թատերագիր յիշել այնքա՜ն բազմաշնորհ ու բազմավաստակ դէմքը Լեւոն Շանթի, որ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճեց իբրեւ թէ՛ բարձրորակ գրող, թէ՛ ներհուն մտաւորական, թէ՛ անձնուէր հասարակական գործիչ եւ թէ սերնդակերտ մանկավարժ։

Այդ ամէնը միաձուլող ու արժանաւորապէս մարմնաւորող Մեծ Մարդն ու միաժամանակ Մեծ Հայը եղաւ Լեւոն Շանթ, որ շունչ եւ վեհութիւն, այլեւ՝ ազգային հնչեղութիւն տուաւ Հայու ԵՍին։

Աւելի՛ն. իր անխոնջ եւ առասպելական աշխատունակութեամբ ու մտաւորականի շեշտակի կարգապահութեամբ՝ Լեւոն Շանթ նուաճեց պատկառելի հարստութիւն մը իր գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական-պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը։
Իսկապէս ալ Նահաշպետեան Սեղբոսի զաւակը՝ Նահաշպետը, որ հօր ազգանունով Սեղբոսեան Լեւոն մկրտուեցաւ եւ գրչանուն ընտրեց Լեւոն Շանթը, իր կեանքով ու գործով, այլեւ ու մանաւանդ իր աշխարհայեացքով՝ եղաւ ամբողջական անհատականութեան մը եւ մեծադիր ԵՍի մը ճառագայթող խտացումը։ Իր անձին, կեանքին ու գործին առինքնող օրինակով՝ ան յաւերժացուց Հայ Գրականութեան եւ հայ ժողովուրդի Ազգային Ինքնութեան վսեմաշուք ԵՍը։
Ինքնազարգացման, ինքնակատարելագործման եւ ինքնադրսեւորման մնայուն ձգտումը, իբրեւ իր ողջ էութիւնը տոչորող ներքին կրակ, շարժիչ ուժը եւ անխոնջ աշխատանքի կենարար աղբիւրը հանդիսացաւ Շանթի ողջ կեանքին ու անոր ստեղծագործական թէ հասարակական բեղուն գործունէութեան։

Ներքին այդ կրակին մղումով էր, որ Լեւոն Շանթ յարատեւ պայքար մղեց ինչպէս իր սեփական, նոյնպէս եւ հանրային կեանքին սպառնացող պարտուողականութեան, համակերպումի փորձութեանց եւ ժանգոտելու վտանգներուն դէմ։ Վկայ՝ «Ժանգը» խորագրով իր բանաստեղծական խիտ խոկը.

Գզրոցիս մէջ գրիչս ինկած է հիմա
գրած-ջնջած թղթերուս մէջ ցանուցիր.
ժանգէ պատանք մը աճած է իր վրայ
ու ալ հպարտ չ’առկայծիր։

Մինչ նայուածքս այդ հին գրչին է յառած,
մէջըս միտք մը զիկզակ կու տայ՝ մի՞ գուցէ
անշարժ կեանքէս զգացումներս ալ յանկարծ
ժանգի խաւ մը գայ գոցէ։

Շանթի կենսագրութիւնը ինքնին յուզիչ եւ բարդ պատմութիւնն է իբրեւ Մարդու եւ Հա՛յ Մարդու անոր ինքնակատարելագործման մնայուն պայքարին։
Պոլիս ծնած, Սկիւտարի վարժարանին մէջ իր նախնական կրթութիւնը ստացած, մանուկ տարիքին որբացած եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մուտքի քննութեան յաջողած Սեղբոսեան Լեւոնը, ամբողջական հայու իր ինքնազարգացման առաջին ոստումը կատարեց տակաւին ուսանող տարիքին, երբ արեւմտահայու իր ծագումն ու արեւելահայու կազմաւորումը մէկ ու ամբողջական շաղախի վերածեց եւ մինչեւ մահ տէր կանգնեցաւ արեան կանչէ բխող այդ նուաճումին։

Խառնուածքով խոհուն եւ յուզաշխարհով բանաստեղծ՝ Լեւոն Շանթի անբեկանելի անհատականութեան ինքնակատարելագործման օրրանը եղաւ Գերմանիան, ուր 1892էն մինչեւ 1897 ապրեցաւ եւ Լայփցիկի ու Միւնիխի համալսարաններուն մէջ բարձարգոյն ուսման հետեւեցաւ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութեանց մէջ։ Գերմանական եւ ընդհանրապէս հիւսիսիկ (nordic) հոգեկերտուածքը ամբողջապէս համապատասխան էր արդէն քսաներեք տարեկան ու Հայու իր կազմաւորումը լիարժէք հունաւորած Շանթի ներաշխարհին՝ հոգիին ու մտքին։ Գերմանական մշակոյթը եւ յատկապէս Նիցչէի, Կէօթէի եւ Վակների արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը մեծապէս օգնեցին Շանթի, որպէսզի մշակէ եւ խորացնէ մտաւորականի իր ներքին կարգապահութիւնը, յղկէ եւ կատարելագործէ իր գեղարուեստական ու իմաստասիրական զէնքերը, որպէսզի կարենայ իր մէջի լաւագոյնն ու մարդկայնականը՝ ցեղային ու ազգային ամէնէն վաւերական եւ տիեզերական արժէքները ըստ արժանւոյն վերադարձնել հայ ժողովուրդին, յատկապէս անոր պարզ, շինական եւ բարի խաւի զաւակներուն, որոնց շարքերէն սերած էր եւ որոնց առջեւ ինքնազարգացման ու ինքնակատարելագործման ուղին հարթելու կոչումը իր միակ եւ մեծագոյն փառասիրութիւնն էր։

Մինչեւ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումն ու մտաւորական հասունացումը, Լեւոն Շանթ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Պոլսոյ մէջ, միաժամանակ՝ իր բանաստեղծութիւններով ու արձակ վիպակներով դրսեւորեց ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ Պոլիսը իր հայ իրականութեամբ՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախը դարձան հազիւ երիտասարդ Շանթին։ Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին Թիֆլիս հաստատուելով ու մանկավարժական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով՝ Շանթ աւելիով խորացուց հայկական ինքնութիւնը քաղքենիութեան եւ նիւթապաշտութեան արատներէն մաքրաջրելու իր պայքարը։

Յատկապէս թատերական իր գործերը լրիւ յագեցան Հայու ԵՍը իր ինքնահաստատման դարաւոր ձգտումով թեւաւորելու, հայու գեղջկական պարզութեամբ ու վեհութեամբ զարգացնելու, խորացնելու եւ կատարելագործելու բանաստեղծականութեամբ։

Լեւոն Շանթ երկար ապրեցաւ եւ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած վերելքի, անկումի, վերականգնումի եւ տառապագին մաքառումներու այդ դժուարին ժամանակները ցմրուր ճաշակեց ու բառին ամէնէն ողբերգական առումով… ապրեցա՛ւ։

Շարունակ կանգուն մնաց ու գործեց հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Թիֆլիսի հայ գրական-մշակութային զարթօնքին մեծարժէք դրօշակիրներէն դարձաւ։ Հայ ազգային-ազատագրական շարժումին հաւատաւոր եւ լուսաւոր առաջնորդներէն եղաւ։ Սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու հոգեմտաւոր զարգացման մեծ դաստիարակը հանդիսացաւ։ Եւ երբ հնչեց նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական-պետական կազմաւորումին ու արմատաւորման տիրութիւն ընելու ժամը՝ անվարան նետուեցաւ գործի ասպարէզ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ճակատագրական ամէնէն դժուարին բանակցութիւններուն իր ներդրումը կատարելով ու ազգային անկորնչելի արժէքներուն, իրաւունքներուն եւ շահերուն անզիջող պահապանը դառնալով։
Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, Լեւոն Շանթ իր կարգին վերցուց տարագրութեան ցուպը եւ շրջեցաւ գաղթաշխարհով մէկ։ Նախ գործեց Եգիպտոսի մէջ, Աղբալեանի հետ հիմը դրաւ Համազգային Մշակութային Միութեան։ Ապա՝ երկուքով հաստատուեցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր հիմնեցին Հայ Ճեմարանը ու իբրեւ տեսուչի եւ ուսուցիչի միասնաբար լծուեցան նոր սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու մտաւորական թրծումին՝ նուաճելով Ճեմարանական Աւանդը, որ մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ իբրեւ ներշնչման աղբիւր ծառայել սփիւռքահայ հոգեմտաւոր զարգացման ոգորումներուն։

Տարագրութեան շրջանին Լեւոնթ Շանթ ոչ միայն շարունակեց ստեղծագործել գրականութեան մէջ, այլեւ թուղթին յանձնել մանկավարժութեան տեսաբանի, լեզուագէտի եւ ազգային-հասարակական գաղափարախօսի իր գիտական եւ մտաւորական լայն պաշարը։ Լոյս ընծայեց հայոց լեզուի դասագիրքեր, Ազգային Հարցին, Անկախութեան գաղափարին եւ Անհատի ու Դասակարգի գիտական ուսումնասիրութեան նուիրուած աշխատութիւններ։

Եւ ո՛ւր որ ալ ճակատագիրը տարաւ զինք՝ Լեւոն Շանթ ողջ էութեամբ հաւատարիմ մնաց ստեղծագործ այն ներուժին, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ժառանգութենէն կը բխէր, ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման դարու զէնքերով մշակուած ու յղկուած էր եւ միշտ յառաջ կը մղուէր՝ Ամբողջական Հայն ու Ամբողջական Մարդը շնչաւորելու Շանթի անխոնջ ձգտումով։

Լեւոն Շանթի մահուան 61ամեակին նուիրուած յուշատետրի այս ոգեկոչական էջը կþարժէ եզրափակել խոհական իր ժառանգութենէն վերցուած պարզ ու վճիտ՝ իմաստո՛ւն նշումներով.

– Ինչպես ջուրն է բղխում աղբիւրից, այնպէս էլ կասկածը չար մարդուց։
– Ազատութիւնը չեն տար, ազատութիւնը կը խլուի։

ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ
Հազարամեակ մը մեզմէ առաջ

ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐ Առաջին տեսարան

ՍԵՒԱՆԻ ԳԱԳԱԹԸ, ԺԱՅՌԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՒԵՐԱԿ ՄԸ, ԻՐԻԿՆԱՄՈՒՏ

Վանահայրը նստած է քարի մը, ձեռքը ծնոտին ու մտախոհ կը նայի վար: Կիսափուլ կամարի մը տակէն կամաց դուրս կþելլէ Ճերմակաւորը:
Վանահայրը՝ բարձրահասակ, թաւ ու ալեխառն, գլխաբաց: Ճերմակաւորը նոյնպէս գլխաբաց, երկար սեւ մազերով, ասորական ձեւի հիւսուած սեւ ու շքեղ մորուքով:

Վայրկեան մը երկուքն ալ լուռ կը նային իրար:

ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – (Հեգնոտ) Կը դիտես, կը դիտես թագաւորութիւնդ:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – (Խոժոռ) Ո՞վ ես դուն:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Դիտէ, դիտէ: Տես, այդ երկու-երեք խարխուլ խցիկները, չէ՞ որ դուն ես շիներ. հապա այն մատուռը, որ քու աճապարանքն է կառուցեր. ¨ վերջապէս, նայէ, քու այն եկեղեցիդ, որուն գմբեթը օր-օրի կը բարձրանայ վեր եւ որու գլխուն շուտով քու իսկ ձեռքովդ խաչը պիտի տնկես:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Այո, եթէ տէրը կամենայ:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Նայէ ու հպարտացիր: Չէ՞ որ այդ բոլորը քու կամքիդ ծնունդն է:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Ո՞վ ես դուն:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Այ, սեւաւոր, ինչո՞ւ ես ժողովեր գլուխդ այդ սեւազգեստ ու սեւահոգի մարդիկը, ինչո՞ւ ես եկեր այս հինաւուրց կղզին:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Ո՞վ ես դուն:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Ելիր, ելիր. քշէ նորէն դուրս դէպի կեանքը այդ թշուառ ու մռայլ ամբոխը: Ելէք դուրս, դուք, որ զգայարանքները չորցնել կþուզէք ու կրքերը մարել: Դուրս այս կղզիէն, դուք, որ թշնամի էք ամէն գեղեցկութեան, ամէն կեանքի ու շարժումի, ամէն ուժի ու ծնունդի: Դուրս, մի աղարտէք իմ աստուածներուս այս սուրբ դրախտը:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Հոս դրախտ չկայ: Այս ժայռի կտորին վրայ ես իմ վանքս հիմնեցի. ասկէ ետքը հոս անապատ պիտի կոչուի:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Անապա՞տ… այս ծիծղուն ծովակի ծոցին, այս թարմ արեւուն դէմ: Հեռու, կոխած տեղդ հին տաճար է աստուածներու. հեռու, հին աստուածներու շէմքէն է, որ կը խօսիմ քեզի:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Հին աստուածներու աւերակներէն:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Աւերակը այս քարերն են, որ քեզիպէսներն են դարսէր. քանդուէր է անոնց դարսածը: Բայց ինքը կեանքի մեհեանը խորտակում չունի, ինչպէս եւ ինքը կեանքը: Կը թափին քարերը, կը փոխուին անունները բայց իրենք աստուածները կան ու կը մնան:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Հոս մեռան քու աստուածներդ:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Հոս ու ամէն տեղ, ուր մարդ իր ոտքը կը դնէ, հոն են անոնք յաւերժ ու անմահ:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Հոս մեռան քու աստուածներդ, ¨ անոնց աւերակներուն վրայ ես իմ Աստծուս տաճարը կառուցի: Նայէ, մութին մէջէն դեռ կը նշմարուի գմբեթին արդէն կազմուող սրութիւնը: Հոն կը թագաւորէ միայն հոգին, հոն կը թագաւորէ միայն Աստծու շունչը…
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Հոն կը թագաւորէ տանջանքի գործիքն ու մահը:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Տանջանքն է, որ կը բարձրացնէ հոգին, տառապանքն է, որ կը մաքրէ: Եւ կեանքի ամէնէն խոր բանը մահն է:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Տառապանքը կեանքի խոցն է, իսկ մահը՝ կեանքի քայքայումը:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Քու բերնով կը խօսի մանուկ մարդկութիւնը:
Ճ. – Քու բերնով կը խօսի ցաւագար մարդկութիւնը:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Հերիք է, ո՞վ ես դուն, որ կը հայհոյես: Հեռացիր, այս կղզիին վրայ ալ տեղ չկայ քեզի ու քու աստուածներուդ:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Այս կղզին ալ նոյն աշխարհն է, ինչպէս ամբողջ աշխարհը: Երկրպագէ, մոլորուած, յաւերժ աստւածներուն:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Հեռացիր:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Խոստովանէ, մոլորուած, ու երկրպագէ:
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Հեռացիր:
ՃԵՐՄԱԿԱՒՈՐԸ – Կու գայ օրը ու կը խոստովանիս (Աներեւութ կ’ըլլա):
ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – (Կը նայի շուրջը, անհանգիստ) Ո՞վ էր: Չքացաւ: Տեսի՞լք, կասկա՞ծ… (Յանկարծ վճռական) Ա, երբեք: Աշխարհքը մուտք չունի այս կղզին: Աշխարհքը մուտք պիտի չունենայ այս կղզին: Ոչ:

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել