
— Աշխատանքը կ’ազնուացնէ մարդուս հոգին։ — Քրտինքը կը մաքրէ ներսէն։ Քրտինքը կու գայ այնպիսի տեղերէ, ուր լոգանքի ջուրը երբեք պիտի չկարենայ հասնիլ… Մայիս Մէկ է դարձեալ եւ աշխարհի չորս ծագերուն, բացառութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի, աշխատանքը դադար կ’առնէ եւ համայն մարդկութիւնը կը տօնէ Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան միջազգային Օրը։ Թէեւ հնադարեան ժամանակներէն մարդկութիւնը տօնած է Մայիս ամսու գալուստը…














