
Ապրիլ 12ին կ’ոգեկոչենք անմար յիշատակը հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու եւ արդարահատոյց վրիժառուներու փառապանծ փաղանգին անվեհեր մարտիկներէն Արշաւիր Շիրակեանի։ Մ. Նահանգներու մէջ, 12 Ապրիլ 1973ին, իր պարտքը կատարած մարդու անդորրութեամբ, ցաւատանջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց Հայոց Նեմեսիսի քաջասիրտ Ահաբեկիչը։ Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ Արշաւիր Շիրակեան հանդիսացաւ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը,…














