
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հելլէնամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը միացեալ արշաւի մը նախաձեռնած են՝ կանխարգիլելու համար արդիական «Էֆ. 35» տիպի օդանաւեր Թուրքիոյ վաճառելու ծրագիրը։ Նկատի ունենալով, որ վաճառքի որոշումը պէտք է վաւերացուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ, նշեալ կազմակերպութիւնները ծերակուտականներուն կ՛ազդարարեն նման քայլի մը ունենալիք վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին, յատկապէս…















