Լուրեր

ՀՅԴ թեկնածուները նշանակուեցան տնտեսական-ընկերային խորհուրդի անդամներ

Կառավարութիւնը հոկտեմբեր 12-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 52 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ նշանակուեցան Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի անդամները, որոնցմէ երկուքը` ՀՅԴ-ի թեկնածուներ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեանն ու Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեանը: 70 անդամներէ բաղկացող խորհուրդին 12-ը կիներ են, որոնց շարքին է նաեւ Յասմիկ Տանձիկեան-Խուրի: Նշենք, որ հայ համայնքը…

Աւելի Քան 1000 Հոգի Տօնեց Հայ Դատի Յանձնախումբին Իրագործումները

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 8ի երեկոյեան, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը, որուն ներկայ էր աւելի քան 1000 հոգի, ներառեալ՝ դաշնակցային, նահանգային ու տեղական պաշտօնատարներ, հայկական կազմակերպութեանց պատասխանատուներ ու ղեկավարներ, բարերարներ ու համակիրներ: Ներկաները միասնաբար տօնեցին Հայ Դատի նախորդ տարուան իրագործումները եւ հետեւեցան շարք մը հետաքրքրական ելոյթներու ու…

Ցեղասպանութիւնը Ուրացողներ Կեղծ Բանաձեւով Մը Կը Փորձեն Ժխտումը Շարունակել

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումը ապահովելու եւ ապագայ ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու նպատակով հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու կողմէ յառաջ մղուող թիւ 220 բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով, Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող երեք քոնկրեսականներ ներկայացուցած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց առնչուող բանաձեւ մը, ուր ոչ մէկ նշում կայ Ցեղասպանութեան։ «Հիւանդագին եւ լկտի այս դաւադրութիւնը, որուն մէջ պատմական իրողութիւնները…

Ռոյս Եւ Շիֆ Կը Զօրակցին Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցման Համար 100 Միլիոն Տոլար Ապահովելու Ջանքերուն

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7ին կայացած խորհրդաժողովին ընթացքին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆ յայտարարած են, թէ նեցուկ կը կանգնին Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) դասաւանդման համար «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն յաւելեա՛լ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերուն՝ Ամերիկայի Հայ…

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին քաղաքական տարբեր ուժերուն արտայայտած տեսակէտները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապն ու Լիբանանի վրայ անոր ունեցած տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային հետեւանքները: Մեկնումի պահուն Յ. Բագրատունի…

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ՀՀ դեսպանատան հանդիսութեան

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ՀՀ դեսպանատան հանդիսութեան Հոկտեմբեր 10-ին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ կայացաւ պաշտօնական ընդունելութիւն‘ նուիրուած ՀՀ Անկախութլան 26-ամեակին եւ Հայաստանի ու Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին: Ընդունելութեան մասնակից էին Բաբգէն Արք. Չարեան, Աբգար Եպս. Յովակիմեան, 15 երկիրներու դեսպաններ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան…

ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճյուղը յուրօրինակ բերքի տոն կազմակերպեց զինվորների համար

Արցախում մեծ շուքով նշվող գյուղատնտեսության աշխատողի օրվան կամ բերքի տոնին ընդառաջ Հայ Օգնության Միության Արցախի մասնաճյուղը նախաձեռնել է հերթական այցելությունը Արցախի զորամասերից մեկը: «Եկել ենք Արցախի այգիների բերքն ու բարիքը, մեր ձեռքով պատրաստված քաղցրեղենը անձամբ հասցնելու մեր պաշտպաններին, նաև մեր մայրական սերն ու ջերմությունը փոխանցելու նրանց, որովհետև մեր ամեն մի խաղաղ վայրկյանի համար պարտական ենք…

Այսօր Բեկորի ծննդյան օրն է

Հոկտեմբերի 6-ը ՀՅԴ գաղափարի նվիրյալներից մեկի՝ Աշոտ Ղուլյանի ծննդյան օրն է: Նրա ընտանիքի անդամները, մարտական ու կուսակցական ընկերները, զինծառայողներ, Ստեփանակերտի «Բեկորի» անունը կրող դպրոցի ուսուցիչներն ու սաները այսօր Բեկորի հուշակոթողի մոտ էին հավաքվել, մեկ անգամ եւս հիշելու եւ արժեւորելու հերոսի նվիրումն առ հայրենիք: Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլյանի անվան դպրոցի սաները հերոսական երգով եւ պարով էին հանդես…

Հայ Դատը Կը Հովանաւորէ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան Նուիրուած Ժողովը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի եւս հովանաւորներէն մէկը պիտի հանդիսանայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» համաժողովին, որուն պիտի մասնակցին մեծ թիւով քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդներ, ներառեալ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Հոկտեմբեր 24էն 26 կայանալիք ժողովի մասնակիցներուն ուշադրութեան առանցքը պիտի ըլլան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան եւ քրիստոնէութեան ու կրօնական…

Թիլըրսըն Կ՛ուզէ Արցախի Մէջ Ականազերծման Աշխատանքները Արագօրէն Ամբողջացնել

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Հոկտեմբեր 3ին յայտարարած է, որ նեցուկ կը կանգնի Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էիլիըթ Էնկըլի առաջարկներուն, որոնց գլխաւոր նպատակն է արձակազէնները հեռացնել Արցախի սահմաններէն, սահմանային հսկողութիւնը խստացնել եւ նախայարձակ կողմը յստակօրէն բացայայտող սարքեր տեղադրել։ Թիլըրսըն նաեւ…