
Սեպտեմբեր 18-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցական նուիրահաւաքի ընդունելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 150 Հայ Դատի գործիցներ, համակիրներ եւ զօրակիցներ։ Օրուան հանդիսավար Սօսէ Պէօճեքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան զեկոյցն ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը համապարփակ ձեւով ներկայացուց ՀՅԴ…















