Վիրահայութան հարցերուն շուրջ հանդիպում Պրիւքսելի մէջ

eafjd-logoՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Երեքշաբթի 24 յունիս, 2013-ին, Եւրոխորհրդարանէն ներս «Դէպի ո՞ւր կ’ուղղուի Վրաստանը» խորագիրով զրոյց մը տեղի ունեցաւ, կազմակերպուած՝ Եւրոխորհրդարանի Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն (ԵԺԿ) խմբակցութեան կողմէ, զրուցավարութեամբ եւրոերեսփոխաններ՝ Կունար Հոքմարքի (Շուէտ) եւ Քրիսթոֆ Լիսեքի (Լեհաստան)։ Վրաստանէն հրաւիրուած էին նախկին կառավարական կուսակցութեան բարձրաստիճան անձեր, գլխաւորութեամբ՝ Դաւիթ Փաքրածէի, որ կուսակցութեան խորհրդարանական խումբի ղեկավարն է։

Եւրոպացի երեսփոխանները իրենց ներածականներով ներկայացուցին Վրաստանը իբրեւ երկիր մը, որ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային մարզերէն ներս ներկայիս յետքայլ կ’ընէ, դատապարտելով եւ բանտարկելով նախկին իշխանութեան գործակատարներ։ Անոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին ԵԺԿ քաղաքական խումբի ընտանիքին պատկանող Միացեալ ազգային շարժում կուսակցութեան դէմ շղթայազերծուած արշաւանքին, ներկայ իշխանութեան դիրքերուն վրայ գտնուող Վրացական երազ քաղաքական դաշինքին կողմէ։

Փաքրածէ եւ իր վրացի գործընկերները ներկայացուցին իրենց օրով Վրաստանի մէջ եղած մեծ քայլերն ու յաջողութիւնները ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան եւ փտածութեան մարզերէն ներս։ Շեշտեցին, թէ իրենց եւ Վրաստանի բնակչութեան մեծամասնութեան արեւելումը Եւրոպա է, իսկ այսօր Իվանիշվիլիի իշխանութիւնը Վրաստանը կրնայ դարձնել Ռուսիոյ որոշումներու ենթակայ երկիր մը։ Կոչ ըրին Եւրոմիութեան, որ աւելի ներգործօն ձեւով մասնակից դառնայ ետ մղելու երկիրը դէպի Եւրոպա գործընթացի մը, եւ եւրոպական հաստատութիւնները պէտք է պահանջեն ներկայ իշխանութիւններէն՝ նախագահական ընտրութեան նախօրէին, արդար ընտրութեանց իրականացումը, եւ պահպանումը նախագահ Սահակաշվիլիի կողմէ վերջին երեսփոխանական ընտրութեանց ընթացքին յաջողուած ժողովրդավարական յառաջդիմութիւններուն։

Ներկայացումներէն ետք, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու վրացի ներկայացուցիչներուն։ Եւրոպայտ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յիշեցնելէ ետք, թէ մօտ տարի մը առաջ Պրիւքսել այցելած էր Ջաւախքի հայկական կազմակերպութիւններու համադրող Արտակ Գաբրիէլեանը, որ ի շարս այլ երեսփոխաններու եւ Եւրոմիութեան պաշտօնակատարներու, հանդիպած էր նաեւ զրուցավար պրն. Լիսեքի հետ, ուր անոր ներկայացուած էր ջաւախահայութեան դժուարութիւնները, եւ անոնց դիմագրաւման համար հնարաւոր լուծումները։

Անոնցմէ հիմնականը հայերէն լեզուի ճանաչումն էր, իբրեւ շրջանի վարչական երկրորդ լեզու, քանի որ բնակչութեան մեծամասնութիւնը վրացերէնի իմացութիւն չունի, ո՛չ անշուշտ իր յանցանքով, եւ այս պարագան խտրականութեան արտացոլում է։ Կարապետեան նշեց, թէ Ախալքալաքի ինքնակառավարման մարմինը որոշումը գոյացուցած է հայերէնը դարձնելու երկրորդ լեզու, սակայն այդ մէկը տակաւին չէ վաւերացուած Վրաստանի խորհրդարանէն։ Այդ բացատրութիւններու լոյսին տակ, պահանջեց յստակացումներ թէ ինչո՞ւ տակաւին չէ տրուած այս կարելիութիւնը Ջաւախքի բնակչութեան։

Վրացի ներկայացուցիչները պատասխանեցին, թէ իրականութիւն է, որ 1990ական թուականներուն հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու առնչութեամբ առնուեցան սխալ որոշումներ։ Միխայիլ Սահակաշվիլիի իշխանութիւն գալէն ետք բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, թէեւ գոյութիւն ունին հարցեր, որոնք տակաւին լուծումի կը կարօտին։ Հիմնական է Վրաստանի համար, որ իր բնակչութիւնը իր ամբողջութեան մէջ պէտք է ընդունի, թէ երկրին մէջ բնակող բոլոր ազգութիւնները Վրաստանի քաղաքացիներ են, եւ նոյն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները պէտք է ունենան։ Լեզուի հարցը միայն տեղական ինքնակառավարման որոշումի հարցը չէ, այլ երկրի կեդրոնական իշխանութեան եւ խորհրդարանի պատասխանատուութիւնն է, եւ հաւանական կրնայ ըլլալ, նման գործընթացի մը սկիզբը, ապագային։

Միջոցառման աւարտէն ետք, Կարապետեան կարճ հանդիպում մը ունեցաւ վրացի պատուիրակութեան անդամներուն հետ, որոնց յայտնեց, թէ նախագահական ընտրութիւններէն ետք, ինչ որ ալ ըլլայ արդիւնքը, Ջաւախքի հայկական բնակչութեան հարցերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս վիրահայութեան, պիտի ինք շարունակէ յարաբերութիւնները Վրաստանի իշխանութեան հետ, հարցերու լուծման համար։ Վրացական կողմէ փափաք յայտնուեցաւ, որ հանդիպում տեղի ունենայ նաեւ Թիֆլիսի մէջ, իրենց կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ։

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ, Պրիւքսել

Տպել Տպել