Հայ Քաղաքական Մտքի Ռազմավարական Վերանայումներու Ժամանակը

nazareth1Խօսքը կը վերաբերի մեր ժողովուրդի ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւնը վերանայման ենթարկելու եւ նորովի սահմանելու հրամայականին, որուն ժամը շատոնց եկած է, եթէ արդէն անցած ալ չէ։

Խօսքը նաեւ չի վերաբերիր հայ ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւն մը ունենալու անհրաժեշտութեան, որուն շուրջ 1988էն առաջ թէ ետք հայ քաղաքական միտքը շատ վիճած է, լայնքին-երկայնքին քննարկումներ կատարած է, բայց մինչեւ այսօր սայլը տեղէն չէ կրցած շարժել, որովհետեւ քաղաքական կամք եւ ուժ ունեցողը իր պատկերացումով մշակած է ազգային ռազմավարութիւն եւ լծուած է անոր իրականացման։

Յատկապէս Հայաստանի իրաւական վերանկախացումէն ասդին, մէկ կողմէ ՀՀ պետական նորահաստատ վերնախաւը, իսկ միւս կողմէ Սփիւռքի մէջ արմատաւորուած հայ ազգային երեք կուսակցութեանց ղեկավար մարմինները, հրապարակային դիրքորոշումներու թէ ներքին խմորումներու միջոցաւ, չուզեցին կամ չկրցան ճիշդ այդ օրակարգով՝ հայ ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակելու եւ կիրարկելու առաջադրանքով ի մի ժողվել Ազգի կազմակերպ ուժերն ու կառոյցները-պետական, հոգեւորական, քաղաքական թէ հասարակական։

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ստեղծումը, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու գումարումը, ՀՀ երկ-քաղաքացիութեան օրէնքի որդեգրումը, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւնը եւ, ի վերջոյ, Մեծ Եղեռնի 100ամեակը համահայկական տարողութեամբ ոգեկոչելու նախաձեռնութիւնը փաստօրէն շրջանցեցին հայ ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւն մը միասնաբար մշակելու օրակարգը, թէեւ մատնանշուած ու դրական այդ բոլոր քայլերու առիթով, հանդիսաւոր ելոյթներու մէջ – ուղղակիօրէն թէ տողատակի – շարունակ յղում կատարուեցաւ ճիշդ ա՛յդ օրակարգին կարեւորութեան եւ անխուսափելիութեան։

Այդպէս, վերջին քառորդ դարուն, Հայ Դատի քաղաքական հետպնդման, Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման ճակատներուն վրայ, մեր ժողովուրդը իր յաղթարշաւը յառաջ մղեց առանց միասնականօրէն մշակուած եւ բոլորին համաձայնութիւնը վայելող ազգային համընդհանուր ռազմավարութեան։

Այսուհանդերձ, երեք ճակատներուն վրայ ալ, ՀՀ պետական իշխանութեանց թէ ազգային համահայկական կառոյցներու ղեկավարութեանց կողմէ ի գործ դրուեցան ռազմավարութիւններ, որոնք, լրացուցիչ ըլլային կամ ոչ, իրողապէս եւ միասնաբար հունաւորեցին ու առաջնորդեցին Հայաստանի եւ հայութեան կեանքը՝ թէ՛ պետական-քաղաքական, թէ՛ ազգային- հասարակական առումներով, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։

Միայն ընդհանուր գիծեր տալով՝ վերջին քսանհինգամեակին հայ քաղաքական միտքը ուղենիշ ունեցաւ ռազմավարական այսպիսի՛ սկզբունքներ ու առաջադրանքներ.

– Ազատ ու անկախ Հայաստանի պետական անվտանգութիւնը եւ տնտեսական հզօրացումը ռազմավարական առաջնային նշանակութիւն ունին ու արժանի են համազգային ուժերով միասնական զօրաշարժի եւ անսակարկ զօրակցութեան։

– Հայ Դատի քաղաքական հետապնդումը, հակաթուրք ուժական պայքարով նուաճուած Սփիւռքի յաղթական դիրքերը ամրապնդելու ճամբուն վրայ, Արցախի ազատագրումով կը գտնէ իր ներկայ հանգրուանի պահանջատիրութեան յառաջապահ ճակատը, իսկ Հայաստանի վերանկախացումով կ՛օժտուի ազգային իրաւատէր պետականութեան կռուանով, որ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի տրամաբանութեամբ անփոխարինելի արժէք կը ներկայացնէ։

– Հայաստանն ու Սփիւռքը որքան տարբեր են իրենց առանձնայատկութիւններով, նոյնքան անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն իրենց ազգային-քաղաքական առաջադրանքներով։ Որքան բարգաւաճ եւ հզօր դառնան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնները, որքան Սփիւռքը այդ նպատակով իր ուժերն ու հնարաւորութիւնները շարժման մէջ դնէ, այնքան կազմակերպական զարթօնք կ՛ապրի Սփիւռքը՝ իր հայեցի գոյատեւման ու զարգացման կռուանները եւ պաշարները վերանորոգելով ու ամրապնդելով։

– Եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի վերանկախացումով Սփիւռքը վերջապէս գտած է իր ազգային-քաղաքական ծանրութեան կեդրոնը, միւս կողմէ ալ Սփիւռքի հետ ամէն կարգի կապերու աստիճանական կամրջումով՝ Հայաստանը ի վիճակի դարձած է ապահովելու իր լիաթոք շնչառութիւնը։ Առանց իր Սփիւռքին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սոսկ յետ-խորհրդային տարածաշրջանի պատանդ մըն է։ Իսկ Սփիւռքով՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ ազգային մեր ներուժին համապատասխան կշիռ ու վարկ վայելող կենսունակ եւ բազմակողմանի զարգացում ապրող նորաստեղծ պետականութիւն է։

– Թրքական պետութեան հակահայ կողմնորոշումը եւ յետ-ցեղասպանական ուրացման քաղաքականութիւնը ռազմավարական սպառնալիք է ամբողջ հայութեան եւ, առաջին հերթին, Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Արցախի Հարցով Թուրքիոյ դրսեւորած ատրպէյճանամէտ վարքագիծը, Հայաստանի դէմ հաստատած շրջափակումը եւ, տակաւին, Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ ճեղք բանալու հետեւողական ճիգերը, որոնք իրենց բարձրակէտին հասան Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրումով, կը հանդիսանան իրաւատէր հայութեան դիմագրաւած ռազմավարական գլխաւոր վտանգը։

Ընդհանրացումներով ներկայացուած ռազմավարական այս սկզբունքներն ու առաջադրանքները այնքան ալ ազգային միասնականութիւն առաջացնող, աւելին՝ ամրապնդող ուղենիշներ չեղան հայ քաղաքական մտքին համար։
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին եկող-գացող իշխանութիւնները եւ անոնց գաղափարախօսները իւրովի սահմանեցին պետական իրենց ընկալումը համազգային ռազմավարութեան այս էատարրերուն։
Եւ ոչ միայն իշխանութիւնները…

Նաեւ ընդդիմադիր ճամբարին մէջ յայտնուած ուժեր – կուսակցութիւններ ու հասարակական կազմակերպութիւններ – իրենց նախասիրած գաղափարական հունով փորձեցին յառաջ մղել մեր ժողովուրդին ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւնը։

Իր կարգին Սփիւռքը, յետ-եղեռնեան իր կազմակերպ հայօճախներով թէ յետ-խորհրդային նորաստեղծ ու անկազմակերպ գաղութներով, ռազմավարական այս նոյն սկզբունքներուն եւ առաջադրանքներուն մէջ չտեսաւ, ոչ ալ փնտռեց ազգային համընդհանուր ռազմավարութեան մը հիմերը։ Իւրաքանչիւր հոսանք – գաղափարական թէ նեղ-քաղաքական – իր նախասիրած հունով ուզեց յառաջ մղել Ազգին հաւաքական կամքն ու ուժը։

Հետեւանքը եղաւ բաժանարար գիծերու թանձրացումը հայ քաղաքական մտքի ոչ միայն տարբեր հոսանքներուն, այլեւ՝ միեւնոյն հոսանքին պատկանող մտայնութեանց միջեւ։

Դարձեալ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով ռազմավարական այն մօտեցումները, որոնք մեր ժողովուրդին ազգային համընդհանուր ռազմավարութեան արմատաւորումը դժուարացուցին վերջին 25ամեակին, մտահան պէտք չէ ընել, որ՝

Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման ռազմավարական առաջադրանքը երբեք չկրցաւ պահպանել պետական իշխանութիւնն ու օրուան իշխանաւոր քաղաքական ուժը իրարմէ զատորոշելու սահմանագիծը։ Եւ այս՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի տարածքին։

Նոյնինքն պետական հզօրացման ռազմավարութեան մէջ յաճախ թերագնահատուեցաւ սեփական ժողովուրդի հասարակական համերաշխութեան առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու գործօնը։ Ընկերատնտեսական չարաշահումները քայլ առ քայլ յաղթահարելու եւ արտագաղթի կամ ընկերային բողոքի ալիքները կանխելու ռազմավարութեան փոխարէն՝ Հայաստանի եւ Արցախի պետական անվտանգութեան ապահովումը իբրեւ պատրուակ գործածուեցաւ ներ-քաղաքական ճնշումներն ու հակաժողովրդավարական քայլերը արդարացնելու համար։

Հայաստանի վերանկախացումով՝ հայ քաղաքական միտքը գտած էր իր բնականոն հունը, որպէսզի Հայաստանն ու Սփիւռքը այլեւս չդառնան իր տարբեր հոսանքներուն միջեւ գաղափարական տարակարծութեանց ու հակադրութեանց բաժանարար գիծը։

Բայց վերանկախացեալ Հայաստանի աւելի քան քսան տարիներու կենսափորձը ոչ միայն նոյնինքն հայրենի իրականութեան մէջ չի յառաջացուց գաղափարական բնականոն հոսանքներ, աջի ու ձախի, պահպանողականի եւ յեղափոխականի, գործնապաշտի եւ իտէալիստի, ընկերային արդարութեան յառաջապահի եւ անտառի օրէնքի կարծր պաշտպանի գաղափարական սահմանգիծեր, այլեւ Սփիւռքի մէջ խորացուց հայաստանցի հայու եւ սփիւռքահայու անհամատեղելիութեան մոլորանքը… հայրենաբնակ հայուն մօտ սփիւռքահայուն նկատմամբ խորթացման թոյնը ներարկելէ ետք։

Հասունացում չապրեցաւ եւ արմատաւորման իր բնականոն հունը չգտաւ նաեւ ու մանաւանդ Հայ Դատի հետապնդման պետական ռազմավարութեան մշակումը։ (Սուրիական տագնապին եւ թրքական վտանգին նկատմամբ Հայաստանի դրսեւորուած «մարդասիրական» եւ «հայապաշտպան» վարքագիծը նուազագոյնն իսկ չէ)։

Նոյնպէս եւ հայաստանակեդրոն իր սահմանափակումէն վեր չկրցաւ բարձրանալ Սփիւռք ունեցող ու իր Սփիւռքով լիաթոք շնչող հայոց պետականութեան համաշխարհային դիրքն ու վարկը հզօրացնելու ռազմավարութիւնը։
Եւ հիմա եկած է ժամանակը, եթէ ուշացած ալ չենք արդէն, որպէսզի ռազմավարական անհրաժեշտ վերանայումները կատարենք։

Թէ՛ պետական մեր ողջ կառոյցով, թէ՛ ազգային-հասարակական մեր աշխարհասփիւռ ներուժով։
Ի վերջոյ երկար ճամբայ չենք կրնար կտրել պետականութեամբ մը, որ ի վիճակի չէ ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն մտցնել իր կառավարման համակարգին մէջ։

Հայաստանի նախագահական վերջին «ընտրութիւն»ը հայ քաղաքական մտքի կոկորդը կեցած փուշ է եւ ամէնէն ախտանշական ապացոյցը հայ ժողովուրդի վերանկախացման երթը արգելակող ռազմավարական մեծ ընկրկումին։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
asbarez.com
26/06/2013

Տպել Տպել