«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մարտիկ Տեմիրճեանի հետ

demirtzian mardig_Աթէնքի մէջ գումարուած Յունաստանի Համազգայինի 18րդ Շրջանային ժողովին ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Մարտիկ Տեմիրճեան, որ հարցազրոյց մը շնորհեց մեր թերթին, շօշափելով հայ մշակոյթի բնագաւառին եւ միութեան կազմակերպչական իրավիճակի շուրջ կապուած հարցեր

Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ներկայութիւնը գաղութներուն մօտ, կը սատարէ փոխադարձ կապերու ամրապնդման եւ բարձր կը պահէ միութեան աշխատանքներու շուրջ տեղեկացուածութեան մակարդակը: Այս յարաբերութիւնը յաճախակի՞ է, կամ Պատգամաւորական ժողովներու առիթով միայն կը յաջողուի:

Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ կազմը, իր ընտրութեան առաջին օրէն փորձած է շրջաններուն մօտ գտնուիլ, կարեւորելով անոնց նշանակութիւնը եւ գործերու լաւագոյն համադրումը:

Յունաստանի մասնաճիւղը գուրգուրանքի կարիքը ունի, անկախ նիւթական վիճակէն եւ դժուարութիւններէն որ կը դիմագրաւուին այդ պատճառով, բայց անշուշտ պէտք է խոստովանիլ որ բոլոր շրջաններուն մէջ ալ աշխուժութեան, խանդավառութեան հարցեր կան, կամ կազմակերպական խնդիրներ կը դիմագրաւուին: Այս ընդհանուր երեւոյթ է:

Եթէ մանրամասնէք Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Հայաստան, ինչպիսի՞ հարցեր կը դիմագրաւուին իւրաքանչիւրին մօտ:

Ծանօթ է Միջին Արեւելքի մէջ վերջին տարիներուն տիրող տագնապը, որ վտանգի տակ կը դնէ կեդրոնական, գործօն իր դերակատարութիւնը: Շատ անգամ մեր աշխատանքները փորձաքարի կը զարնուին, բայց յաւելեալ ճիգով՝ փորձ կը տարուի դժուարութիւնները շրջանցելու եւ այդ կեդրոնական դերը վերստանձնելու, թէ՛ որպէս լիբանանահայ գաղութ, թէ՛ որպէս Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն: Լիբանանի մէջ կը գտնուի կաթողիկոսարանը, մեր միութիւններու Կեդրոնական Վարչութիւնները: Լիբանանահայութիւնը իր կեդրոն ըլլալու հանգամանքը՝ հակառակ դժուարութիւններուն կը պահէ: Անկասկած որ կը զգանք յաւելեալ աշխատանք տանելու, կամ կարիքը ունեցող շրջաններուն թեւ-թիկունք կանգնելու պարտաւորութիւնը:

Անշուշտ Միջին Արեւելքի պարագային, եթէ նկատի առնենք Լիբանանի, Պարսկաստանի, Սուրիոյ գաղութներու պարագաները, ուր մեր արմատները կը պահուին, -կազմակերպ հայութեան տեսակէտէ- մեծ ցնցումներ ապրեցան: Երբեմն արեւմտեան գաղութները այս կացութենէն կ’օգտուին, այն իմաստով, որ նոր մարդիկ, նոր ուժեր կը համալրեն միւս գաղութները, բայց այդ գաղութներու կազմակերպ եւ ուժական կեանքը խորապէս կը ցնցուի:

Կեդրոնական Վարչութեան համար հիմնական հարց է որ տիրութիւն ընէ մեր բոլոր շրջաններուն, ձեռք երկարէ մասնաճիւղերու կարիքներուն եւ անոր առաջին քայլը հաւանաբար կը սկսի սովորական հանդիպումներով, սովորական այցելութիւններով, ինչպէս եղաւ հիմա, Յունաստանի պարագային, շրջան՝ որու մօտ գտնուած ենք միշտ: Բայց եւ այնպէս կը կարծենք որ աւելին ալ պէտք է: Եւ այդ նպատակով, Կեդրոնական Վարչութիւնը վերջերս որոշում կայացուց, շրջուն գործիչ մը (մնայուն պաշտօնով) պահելու կապակցութեամբ, որ գաղութներու կեանքին պիտի նպաստէ, գաղութները իրար կապելու եւ Կեդրոնականին հետ փոխադարձաբար կապելու առաքելութիւնը պիտի ունենայ, միացեալ ձեռնարկներ նախաձեռնելու կամ իրագործելու պարտականութեամբ նաեւ:

Անմիջակա՞նօրէն իրագործելի է այս ծրագիրը:

Անձը գտած ենք, համաձայնութիւնները կ’ըլլան եւ աշխատանքը կը ծրագրուի: Ես կը կարծեմ որ մօտ ժամանակէն արդէն մենք կÿունենանք մեր պաշտօնեայ-գործավարը, որ գաղութներուն մօտ պիտի գտնուի եւ շուտով հնարաւորութիւնը պիտի ունենանք այս ծրագրի արդիւնքը տեսնելու:

Եւրոպան եւս տարբեր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ ներկայիս: Համազգայինի կառոյցը ո՞ր երկիրներուն մէջ կը գործէ:

Պէտք է ըսել որ դժբախտաբար Եւրոպայի մէջ հայութեան եւ Համազգայինի վիճակը աւելի թոյլ է: Հաւանաբար ամէնէն կազմակերպ գաղութը՝ իր թիւով, ծաւալով եւ աշխատանքներով, կը շարունակէ մնալ Յունաստանը: Հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Կայ Կիպրոսը, որ հակառակ իր փոքր ծաւալին, լաւ գործունէութիւն կ’իրականացնէ: Կայ Ֆրանսան, որ ակնկալութիւնները գոհացնելէ հեռու է: Կ’ընեն աշխատանքներ, յատկապէս Փարիզի մէջ, այսուհանդերձ թոյլ վիճակ կը ներկայացնէ շրջանը:

Ֆրանսայի մէջ մեզ շատ կ’ուրախացնէ Մարսէյլի ճեմարանը, որ կայացած է, լաւ կը գործէ եւ բարգաւաճման մէջ է: Տարուէ-տարի նոր շինարարութիւններ կը կատարուին, կրթական վիճակը շատ լաւ է, եւ ընդհանրապէս պէտք է ըսել որ Եւրոպայի մէջ որոշ նշանակութիւն ունի Մարսէյլի ճեմարանը: Պետական վկայական կուտան ֆրանսերէնի դասերուն համար:

Ինչ կը վերաբերի հայերէնի մակարդակին պէտք չէ բաղդատել հայկական ճեմարանի, բայց Ֆրանսայի չափանիշներով շատ գոհացուցիչ եւ ընդունելի է:

Նաեւ աւելցնեմ, որ վերջին ամիսներուն Փարիզի մէջ կը գործէ Թարգմանչաց վարժարանը, որ ձեւով մը մեր հովանաւորութեան յանձնուած է եւ այլեւս կը կոչուի Համազգայինի Թարգմանչաց Վարժարան: Այս համաձայնութիւնը կ’ենթադրէ որոշ պարտաւորութիւններ եւ որոշ նիւթական յանձնառութիւններ, ինչպէս նաեւ կազմակերպական դրութեան վերահաստատում: Կեդրոնական Վարչութիւնը խանդավառուած է այս ծրագրով եւ քոլեճի մակարդակի բարձրացում կը ծրագրէ: Յուսանք որ եկող ամիսներուն վերջնական համաձայնագիր կը գոյանայ:

Յաջորդ մէկ տարուան ընթացքին ի՞նչ ուրիշ ծրագիրներու իրագործմամբ պիտի զբաղիք:

Հայ ուսուցիչներու պատրաստութեան հարցը կը զբաղեցնէ մեզ, ուր մենք յանձնառու պիտի ըլլանք հայ անհատներու հանդէպ, ակնկալելով նոյն յանձնառութիւնը նաեւ իրենց կողմէ: Վարչականօրէն ալ հետամուտ պիտի ըլլանք:Այս ծրագրի հիմամբ՝ ենթական կը որոշէ թէ կ’ուզէ ուսուցիչ դառնալ. ան իր բնակած երկրին մէջ ուսուցչական մասնագիտութեան կը հետեւի եւ աւելի ուշ մենք յանձնառու կ’ըլլանք զինք Հայաստան ղրկելու, ամէն ծախս հոգալու եւ իրարու հանդէպ յանձնառու մնալու՝ որոշ տարիներ ծառայելով հայկական կրթական մարզէն ներս. պայման չէ Համազգային, այլ ընդհանրապէս, հայ կրթական մարզէն ներս ծառայելու՝ որպէս հայ ուսուցիչ:

Մեզ մեծապէս կը հետաքրքրէ այս ծրագիրը եւս, եւ կ’ուզենք Սփիւռքի մէջ տեսնել հայ երիտասարդներու արձագանգը մեր կոչերուն: Հայկական մամուլին մէջ հրատարակուեցաւ մեր կոչը այս ուղղութեամբ, -նաեւ «Ազատ Օր» հրատարակեց- եւ մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու բոլոր դիմողներուն: Եթէ հինգ հոգի ըլլայ, արդէն ինքնին երեւոյթ է, որ ապագային պիտի երաշխաւորէ հայ կրթական մարզը, սփիւռքի գաղութներուն մէջ: Այս գծով ողջունելի է նաեւ մեր մասնաճիւղերու եւ մեր շրջապատի մարդոց աշխատանքը:

Նոյնանման աշխատանք մը ունինք Ամերիկայի արեւելեան շրջանին մէջ, Նիւ Ճըրզի, ուր Յովնանեան վարժարանը կայ: Հոն ալ բանակցութիւններու մէջ ենք, եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը ունինք:

Որքա՞ն լուրջ է լեզուական դժուարութեան հարցը սփիւռքի գաղութներուն մէջ:

Բոլոր գաղութներուն մէջ դիմագրաւուող դժուարութիւններու եւ հարցերու կեդրոնացման հայելին Կեդրոնական Վարչութիւնն է: Մեր գործունէութեան մէջ կը դրսեւորուին բոլոր այդ հարցերը, քանի որ գործ ունինք տարբեր գաղութներու հետ: Կան իւրայատուկ հարցեր, բայց կան նաեւ հասարակաց դժուարութիւններ: Լեզուական, կազմակերպչական հարցերը ամէն տեղ են: Օտարացման հարցեր, նիւթական, հայկական դպրոցներու դիմագրաւած հարցեր, քիչ մը ամէն տեղ նոյնն են, հաւանաբար ոչ նոյն համեմատութեամբ:

Կեդրոնական Վարչութեան մէջ քննարկելով լեզուական դժուարութեան հարցը կը կարծենք, թէ պէտք է դադրինք լեզուն նախապայման համարելէ մեր աշխատանքներուն համար: Հայ մարդը հայկականութեան մօտեցնելու համար լեզուն պէտք չէ որ անհրաժեշտ ըլլայ: Արդէն այս մէկը երեւոյթ դարձած է Եւրոպայի մէջ, Ֆրանսայի մէջ շեշտուած ձեւով, Յունաստանի մէջ եւս: Ուրեմն, կը նշանակէ որ մեր ծրագիրները պէտք է ընդգրկեն օտարալեզու հայ մարդը, օտարալեզու հայ մշակոյթը:

Անցեալի մեր ղեկավար մարմիններուն մօտ կար այդ անզիջող կեցուածքը, որ նախապայման կը սեպէր հայերէն լեզուի գիտակցութիւնը: Բայց կեանքի պայմանները փոխուեցան եւ տեսանք որ լեզուի հարցին մենք պէտք է ջուրին հետ քալենք:

Ինթերնեթի մէջ անգլերէն լեզուի բաժին ունինք. շուտով պիտի աւելնայ ֆրանսերէն բաժինը: Կը մտածենք նաեւ ելեկտրոնային թերթ մը ունենալ, մեր մշակութային հարցերը արծարծելու համար, ուր երիտասարդները պիտի կարողանան արտայայտուիլ, ոչ հայերէն լեզուով:

Այս բոլորը մաս կը կազմեն մեր քաղաքականութեան, թէ պէտք չէ մերժել օտարալեզու մարդուն, այլ տեղ յատկացնել, գրկել եւ ժամանակակից ըլլալու կարողութիւնները օգտագործել, մեր հարցերը առաջ տանելու համար:

Նշածներս Կեդրոնական Վարչութեան եզրակացութիւններ են, որ արդէն համապատասխան գործելաձեւ որդեգրելու մղած են մեզի:

Մեր հիմնական դժուարութիւններէն մէկը դանդաղութիւնն է: Ժամանակի ոգիի արագութեան համապատասխան չենք շարժիր, մեր եզրակացութիւններուն արագօրէն չենք յանգիր: Անյոյս կացութիւնները յաղթահարելու համար պէտք է արագ շարժիլ եւ առաջ անցնիլ: Բայց ասիկա չի նշանակեր որ յուսահատական վիճակի պէտք է մատնուիլ, այլ որեւէ պահու՝ մեկնարկ կատարելու հարկադրանքը դիմագրաւել:

Հայաստանի պետութեան հետ համագործակցութիւնը ի՞նչ մակարդակի վրայ է:

Ընդհանուր յարաբերութիւններ կան, ըլլայ Սփիւռքի կամ Մշակոյթի նախարարութեանց հետ: Հիմա օրինակ արեւմտահայերէնի ուսուցման հարցը կայ, որ մենք պատրաստ ենք օգտակար դառնալու եւ միշտ ալ կ’ընդառաջենք նախարարութիւններուն կողմէ կամ գաղութներուն մէջ գործող դեսպանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուող ծրագիրներուն: Բայց չեմ կրնար ըսել, որ կանոնաւոր գործակցութիւններ կան:

Հայաստանի մէջ մեր յատկանշական աշխատանքներէն մէկը, մեր Համազգայինի թատրոնի գոյութիւնն է, որ պետական ըլլալու հանգամանք ունի նաեւ եւ պետական նպաստ կը ստանայ: Շատ լաւ երեւոյթ է եւ տարբեր այցելութիւններ կուտայ գաղութներուն մօտ: Որոշ յաւելեալ ծրագիրներ ալ կան հայրենի պետութեան հետ:

Ձեր գործունէութեան մաս կը կազմէ նաեւ Ֆորումի կազմակերպումը: Ի՞նչ նախատեսուած է այս տարուայ համար:

Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ նշել Համազգայինի Ֆորումի աշխատանքներու կազմակերպումը, որ այս տարի դարձեալ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, մօտաւորապէս նոյն թիւի մասնակիցներով, ինչպէս ամէն տարի, մօտ 70-80 հոգի:

Համազգայինի ուսանողական ֆորումը կը համախմբէ տարբեր երկիրներու մէջ հայ համալսարանականներ, առիթը տալով երիտասարդներուն մօտենալու ազգային արմատներուն եւ մշակութային ժառանգութեան: Հանդիպումներ կ’իրագործուին հայրենի մտաւորական, քաղաքական-հասարակական շրջանակներու հետ եւ կը քննարկուին հայ երիտասարդները յուզող տարբեր թեմաներ:

Համազգայինի երկու անդամներ գործուղղուեցաք Պոլիս վերջերս: Ի՞նչ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ապագային համար այս այցելութիւնը:

Մամուլին միջոցաւ բոլորս կը հետեւինք Պոլսոյ մէջ «եւրոպականանալու» պետական քաղաքականութեան եւ Պոլսահայութեան վերաբերեալ վերջերս ի յայտ եկած որոշ թոյլտուութիւններու, իսկ միւս կողմէ տեսնելով թէ ընդհանրապէս կան շարժումներ որ նոր զարգացումներ կը բերեն երիտասարդական շրջանակներուն մօտ, (բայց նաեւ ոչ հայկական մտաւորական շրջանակներուն մօտ), որ սկսած են օրակարգի վրայ բերել հայկական հարցը, գիրքեր հրատարակելով եւ քննարկումներ իրականացնելով՝ մօտէն հետաքրքրուեցանք, պարզապէս տեսնելու համար թէ մարդիկ շատոնց արդէն սկսած են կարեւոր նախաձեռնութիւններ կատարել:

Ուզեցինք անձամբ տեսնել հոն տիրող իրավիճակը եւ այդպէս երկու հոգի գործուղղուեցանք, ես եւ ընկ. Մկրտիչ Եափուճեանը, եւ կրնամ ըսել որ շատ հետաքրքրական էր մօտէն տեսնել Պոլսոյ մէջ ծաւալած գործունէութիւնը: Գործակցութեան եւ փոխադարձ այցելութիւններու -գէթ գեղարուեստական- առիթները պէտք է բազմապատկուին, սկսելով անմիջապէս:

Վերջանալով պիտի խնդրենք որ ձեր գնահատականը կատարէք Յունաստանի մասնաճիւղին համար: Ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան:

Ժողովին առիթը ունեցայ հաստատելու թէ ընդունելի վիճակի մէջ է մասնաճիւղը: Դժուարութիւններ կան, բայց կարեւոր է նշել թէ ժողովականները իրազեկ են կացութեան: Երբ մարդիկ անդրադառնան դժուարութիւններուն, երբեմն կը յուսահատին, բայց կարեւոր է ուժերը ճիշդ գնահատել: Յունաստանը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, լեզուական հարց գոյութիւն ունի, կազմակերպչական, մարդուժի, բայց այս կը նշանակէ թէ մենք պէտք է վարժուինք մեր իրականութեան, եւ այդ իրականութեան համապատասխան՝ գործնապաշտ քաղաքականութիւն որդեգրենք:

Նորընտիր վարչութեան հետ մեր հանդիպումին ճիշդ այս ձեւով մօտեցանք հարցերուն: Օրուայ պայմաններուն համաձայն, պէտք է տեսնել, թէ ինչպէս կրնանք վերակազմակերպել մշակութային կեանքը գաղութէն ներս:

Տպել Տպել