ԱՄՆ Հետախուզութեան Զեկոյցը. Համայն Հայութիւնը Կը Պահանջէ Հողերուն Վերադարձը Թուրքիայէն

Harout-SassounianՎերջերս Հայաստանի գլխաւոր դատախազին կողմէ եղած յայտարարութիւնը՝ Թուրքիայէն հողային պահանջին մասին, արժանացաւ աշխարհասփիւռ հայութեան մեծ ուշադրութեան եւ թրքական կառավարութեան խիստ քննադատութեան: Թէեւ ասիկա առաջին անգամն էր, որ հայ պաշտօնատար մը բարձրացուցած էր այս հարցը 1991ի անկախութենէն ի վեր, սակայն պահանջը ինքնին նոր չէ: Հայերը տասնամեակներ շարունակ կը ձգտին Թուրքիայէն վերստանալ իրենց պատմական տարածքները:

Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան կողմէ գաղտնազերծուած 1943 թուականի գաղտնի փաստաթուղթ մը կը բացայայտէ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը քաջատեղեակ եղած է հայկական պահանջներուն՝ «վայրագութիւնները» ճանչնալու եւ թրքական գրաւեալ «նահանգները» վերադարձնելու վերաբերող։

Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան, նախապէս՝ Ռազմավարական ծառայութիւններու վարչութեան (ՌԾՎ) հեղինակած 13 Դեկտեմբեր 1943ի փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի. «Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող ամբողջ հայկական մամուլը աշխոյժ է՝ իր ընթերցողներու յիշողութեան մէջ թարմ պահելու թրքական կողմին կազմակերպած հայկական ջարդերը: Վախնալով, որ այս պատերազմի (Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի) գերմանական վայրագութիւնները ի վերջոյ պիտի մթագնեն նախորդ պատերազմի վայրագութիւնները, անոնք կ՛ուզեն վար պահել Հայկական հարցը ընդդէմ Թուրքիոյ: Հայերը Թուրքիոյ դէմ ունին ներկայի եւ անցեալի բողոքներ. ունեցուածքի հարկի՝ «վառլիքի» ծանր բեռը աւելի մեծ տարողութեամբ դրուած է հայերու ուսերուն, քան Թուրքիոյ մէջ ապրող որեւէ այլ փոքրամասնութեան: Հայութեան համար առաւել աններելի է այն փաստը, որ Թուրքիան կը գրաւէ այն նահանգները, որոնք, ըստ իրենց հաստատ համոզման, իրաւամբ կը պատկանին Հայաստանին: Համայն հայութեան նպատակն է այս նահանգները վերադարձնել Հայաստանին»: ՌԾՎի փաստաթուղթի այլ հատուածի մը մէջ ճշգրտօրէն կը հաղորդուի, որ «հայերը, գրեթէ առանց բացառութեան, կասկածի, թշնամութեան եւ վախի ամէնէն խորունկ զգացումները կը տածեն» Թուրքիոյ հանդէպ:

31 Յուլիս 1944ի թուակիր երկրորդ գաղտնազերծուած փաստաթուղթը կը կրէ զարմանալի վերնագիր մը. «Դաշնակցականները կը թեքին դէպի Խորհրդային Ռուսիա»: ՌԾՎն կը նշէ, որ՝ «երբեմնի անզիջող հակախորհրդային Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (դաշնակցականները) պաշտօնապէս փոխած է իր կողմնորոշումը եւ թեքած դէպի Խորհրդային Միութեան աջակցելու ուղղութեամբ. բան մը, որ աստիճանաբար աւելի ակնառու դարձաւ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին եւ իր գագաթնակէտին հասաւ խորհրդամէտ քաղաքականութեան ընդունումով Յուլիսի առաջին շաբաթը Պոսթընի մէջ կայացած Դաշնակցութեան տարեկան համագումարին ընթացքին»: ՌԾՎի այս զեկոյցը պատրաստուած էր այն ժամանակ, երբ Խորհրդային Միութիւնը յայտարարած էր իր մտադրութեան մասին՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք պահանջել Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները (Կարսը, Արտահանը եւ Սուրմալուն): Խորհրդային այս պահանջը աջակցութիւնը ստացաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքին, ներառեալ՝ հակախորհրդային Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ):

ՌԾՎն խորաթափանց կերպով յայտարարած է. «Դաշնակցականները իրականութեան մէջ երբեք չեն հրաժարած իրենց երազանքէն ունենալու ազատ եւ անկախ Հայաստան, ներառեալ՝ թրքական չմիացած տարածքը, ինչ որ զանոնք պայքարի մէջ կը պահէր Խորհրդային Միութեան հետ, Հայաստանի իբրեւ խորհրդային (անընթեռնլի)] ստեղծումէն ի վեր, 1920 թուականէն… Անկախութեան տեսլականի նուաղումով, այժմ խորհրդամէտ դաշնակցականները իրենց ուշադրութիւնը կը շրջեն դէպի Հայաստանի թրքական նահանգներու ձեռքբերում Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ»:

Բացատրելով ՀՅԴ կուսակցութեան յետպատերազմեան ակնկալիքները, ՌԾՎն կը հաստատէ. «Եթէ Թուրքիան, ինչպէս դաշնակցականները յոյս ունին եւ կը հաւատան, ըստ պարոն (Ճէյմզ) Մանտալեանի (Պոսթընի մէջ գործող ՀՅԴ «Հայրենիք» թերթի խմբագիր), չէզոք մնայ (Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին), անիկա պիտի յայտնուի մեծապէս խոցելի կացութեան մէջ եւ իր չէզոքութեան հատուցումներէն մէկը պիտի ըլլայ Արեւմտեան Հայաստանի զիջումը Խորհրդային Հայաստանին»:

ՌԾՎի 1943 թուականի փաստաթուղթը նաեւ ընդարձակ զեկոյց մը կը պարունակէ ամերիկահայ մամուլին վերաբերեալ, իր ուշադրութիւնը սեւեռելով Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող 17 հայկական թերթերէն միայն վեցին վրայ. «Հայրենիք» եւ «Ասպարէզ» (Դաշնակցական), դասակարգուած իբրեւ «աջակողմեան-ազգայնական», «Պայքար», «Նոր օր» (Ռամկավար) եւ «Երիտասարդ Հայաստան» (Հնչակեան), դասակարգուած իբրեւ ազատական», եւ «Լրաբեր» (Ամերիկայի հայկական յառաջադիմական լիկա), դասակարգուած իբրեւ «ձախակողմեան-համայնավարական»: Վերջին երկու թերթերը այլեւս չեն հրատարակուիր:

Ըստ ՌԾՎի, «Հայրենիք» եւ «Ասպարէզ» թերթերը «խիստ ազգայնական, հակախորհրդային եւ հակահամայնավարական են», մինչդեռ «Պայքար»ը «վճռականօրէն դէմ կ՛արտայայտուի դաշնակցականներուն եւ անոնց սկզբունքներուն: Ռամկավարները Խորհրդային Միութեան մէջ Հայաստանի ընդգրկումը կ՛ընդունին իբրեւ հայկական խնդիրներու բաւարարման լաւագոյն ելք եւ «Պայքար» թերթին մէջ տպագրուած բազմաթիւ յօդուածներով կը գովաբանեն Խորհրդային վարչակարգը Հայաստանի մէջ, յատկապէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ անոր ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ»:
ՌԾՎի գնահատականով՝ 1943 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող 95,000 հայերը, որոնք յատկապէս բնակութիւն հաստատած էին Մեսեչուսեց, Նիւ Եորք եւ Քալիֆորնիա նահանգներուն մէջ, «մեծ հետաքրքրութիւն կը դրսեւորեն իրենց հայրենիքին (Խորհրդային Հայաստանի) հանդէպ, սակայն քիչերը, եթէ գտնուին, անոնք կը վերադառ-նան»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

asbarez.com

01/08/2013

Տպել Տպել